Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Փոտրոպնոսթի» թերթը կը գրէ, որ Մոլտաւիա Հայաստանին վաճառած է ժամկէտանց, սակայն բաւական թանկարժէք զինատեսակ՝ նշելով, որ վաճառուած սպառազինութեան շարքին են Մոլտաւիոյ բանակի ամէնէն սուղ զինատեսակները:

«Գաղտնի վաճառուած զինատեսակներէն են «Քոպրա» հրթիռներու համար նախատեսուած «9B862», «9B863», ինչպէս նաեւ հակահրասայլային հրթիռային համակարգերու համար նախատեսուած «9B871-3» վերահսկիչ-ստուգիչ համալիրներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին գինը կը գերազանցէ 60 հազար տոլարը:
«Վաճառուած սպառազինութեան շարքին կան «Ֆակոթ», «Քոնքուրս», «Շթուրմ-Ս», «Մեթիս» տիպի հազարաւոր հրթիռներ: Այս բոլորին շուկայի գինը կը կազմէ հինգ միլիոն տոլար», կը գրէ «Փոտրոպնոսթի»‘ նշելով, որ սեպտեմբերին Մոլտաւիոյ խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ սպառազինութեան վաճառքի առնչութեամբ կազմակերպուած լսումներուն ժամանակ կը խօսուէր 3.25 միլիոն տոլարի մասին:
Նշենք, որ շաբաթներ առաջ մամլոյ մէջ յայտնուած էր տեղեկութիւն, թէ Մոլտաւիա Հայաստանի վաճառած է 60 թոն ոչ ժամկէտանց սպառազինութիւն: