Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ֆրանսայի նախագահի արձագանգը թրքական քննադատութիւններուն՝
«Սա կամ նա ձեւով՝  թուրքերը կ'ատեն զիս»

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին իր խորհրդականներու հետ քննարկման ժամանակ որեւէ ափսոսանք չէ յայտնած մի քանի օր առաջ Երեւանի մէջ  Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարած իր յայտարարութեան համար։


Ֆրանսական մամուլը կը տեղեկացնէ, թէ Սարքոզիի խորհրդականները զգուշացուցած են Անգարայի կողմէ արձագանգուած լուրջ հակազդեցութեան մասին, սակայն Ֆրանսայի նախագահի պատասխանը եղած է կտրուկ. «Ըստ էութեան, թուրքերը կ'ատեն զիս. այնպէս որ, խնդիր չկայ»։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Երեւանի մէջ Սարքոզիի յայտարարութիւններէն ետք ըսած էր, թէ «Սարքոզին Թուրքիոյ սեփական անցեալի հետ առերեսման խորհուրդ տալէ առաջ լաւ կ'ըլլայ հայելիի մէջ նայուի»:

Անգարա Քննադատեց Սարքոզիի Յայտարարութիւնը

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերով գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, անդրադառնալով Թուրքիայէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է, որ Սարքոզի պէտք չէ հանդէս գայ «իբրեւ պատմաբան»։
«Ե՛ւ Եւրոպայի, ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ աշխարհին համար, աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Սարքոզի մտածէ Եւրոպական Միութեան ապագային մասին, եւ իր երկիրը տնտեսական ծանր վիճակէն փրկելու մասին, այլ ոչ թէ հանդէս գայ իբրեւ պատմաբան», ըսած է Պաղըշ:

«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՏԵՒԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՈՒՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տրուած միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը կարեւոր էր իրեն համար:
Ըստ Սարքոզիի, Ֆրանսայի մէջ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն՝ հաշուի առնելով հայկական մեծ համայնքի առկայութիւնը, որ մեծ դերակատարութիւն ունի Ֆրանսայի մէջ:
Նիքոլա Սարքոզի նշեց, թէ հայերը լաւ գիտեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Ֆրանսան ձեռք երկարեց իրենց եւ այսօր ալ՝ 2011-ին, Հայաստանը մինակ չէ, քանի որ Ֆրանսա առանձնայատուկ կապեր ունի Հայաստանի հետ:
«Ես ըսի, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ճամբան շարունակէ դէպի խաղաղութիւն՝ խաղաղութիւն Ատըրպէյճանի հետ, ինչ որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն: Անշուշտ, ես նաեւ Հայաստանի նախագահին քաջալերեցի շարունակելու երկխօսութիւնը Թուրքիոյ հետ: Անընդունելի է, որ 2011-ին Թուրքիոյ հետ սահմանը փակ մնայ», յայտնեց Նիքոլա Սարքոզի:
Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հայերը եւ ատրպէյճանցիները պէտք է շարունակեն բանակցիլ՝ ընդգծելով, որ երկու կողմերուն համար ալ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է:
Նոյն հարցումին պատասխանեց նաեւ Հայաստանի նախագահը՝ ըսելով, որ Հայաստան յարգանքով եւ ըմբռնումով կը մօտենայ ուժանիւթի անվտանգութեան եւ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանութիւն ապահովելու Եւրոպական Միութեան երկիրներու ցանկութեան, «բայց այդ ծրագիրները պէտք է ըլլան այնպէս, որ անկէ բխած արդիւնքները ծառայեն խաղաղութեան եւ ոչ պատերազմին»:
Նիքոլա Սարքոզի անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հիւլէական կայանի խնդիրին եւ նշեց, որ քանի մը շաբաթէն հետազօտութիւն իրակա- նացնելու նպատակով Հայաստան պիտի ժամանէ խումբ մը, որ պիտի փորձէ օժանդակել Հայաստանի հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ:

Սարքոզին Պաքուի Մէջ Չէ Արձագանգած Ալիեւի՝ ԼՂ Հիմնախնդիրին Վերաբերեալ Ըրած Յայտարարութեան

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ատրպէյճանի մէջ բացարձակապէս չէ խօսած ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի մասին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ANS-ը, Պաքուի մէջ Սարքոզին մամուլի համար որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած, սակայն ելոյթ ունեցած է Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պարգեւատրման եւ ֆրանսական դպրոցի հիմնարկեքի արարողութիւններու ժամանակ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը անդրադարձած էր ղարեւաբաղեան հարցին եւ նշած, որ  իրավիճակի վերացման համար առկայ են լաւ հնարաւորութիւններ:

 

Ազնաւուր. «Եթէ թուրքերը չեն ուզեր  ընդունիլ Ցեղասպանութիւն բառը, թող ընդունին հայերու կոտորածները»

Ֆրանսահայ հռչակաւոր երգիչ, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուրը հարցազրոյց մը տուաւ Les Nouvelles d'Armenie պարբերականին։ Հարցազրոյցին մէջ  Ազնաւուրը արտայայտութիւններ ունեցաւ Ցեղասպանութիւն բառին շուրջ, ըսելով որ նկատի ունենալով Հայաստանի շահերը եւ Թուրքիոյ խիստ ընդդիմութիւնը տուեալ բառի օգտագործման հարցին մէջ, ինք կը կարծէ թէ պէտք է ...այլ բառ մը գտնել Ցեղասպանութեան մասին։
«Ցեղասպանութիւն բառը խանգարում է, եւ պէտք է ասեմ, որ ինձ էլ է խանգարում։ Եթե թուրքերը ազնուութիւն ունենան ասելու, թէ իրենց խանգարողը Ցեղասպանութիւն բառն է, ապա մենք մի այլ բառ կը գտնենք, որպէսզի սահմանները բացուեն», ըսած է ան եւ հարց տուած.-  «Ի՞նչ բառ էր օգտագործւում Ցեղասպանութիւն բառի յօրինումից առաջ՝  հայերի կոտորածնե՞ր, օգտագործենք կոտորածներ բառը ուրեմն։

 

 

Մեզի Համար Անշուշտ Միեւնոյնը Չէ

Շարլ Ազնաւուրի ազգասիրութեան մասին կասկած կարելի չէ ունենալ: Այս աշխարհահռչակ երգիչը բազմիցս եւ շօշափելիօրէն արտայայտած է իր սէրը, նուիրումը հայ ժողովուրդին, հայոց պետականութեան՝ Հայաստանի հանդէպ:
Յատկապէս Գիւմրիի աղիտալի երկրաշարժէն ետք, Ազնաւուրի ձեռնարկած մարդասիրական գործունէութիւնը, Հայաստանի հասցուցած հսկայական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ իր համբաւն ու հռչակը հայութեան ի նպաստ քարոզչութեան ծառայեցնելու վարքը, զինք արժանի դարձուցած են ամէնէն բարձր գնահատանքներու:
Մեծ արուեստագէտին՝ ֆրանսական պատկերասփիւռէն ու «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթի էջերէն արտայայտած՝ այսպէս կոչուած՝ նոր մօտեցումը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որքա՛ն ալ ընդվզեցնէ մեզ, որքա՛ն ալ վտանգաւոր զարգացումներու դուռ բանայ, չի կրնար իրեն հանդէպ մեր ունեցած զգացումներուն բացասական երանգներ բերել:
Մենք կը հասկնանք Ազնաւուրի ընդվզումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութենէն: Կը հասկնանք, սակայն, պիտի ուզէինք, որ Ազնաւուր այդքա՛ն արագ յուսահատութեան գիրկը չնետուէր, եւ անիմաստ ու անտեղի զիջումներով թեւեր չտար մեր ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրը գործած ու անպատիժ մնացած յանցագործին՝ Թուրքիոյ պետութեան:
Ի վերջոյ, շնորհիւ յարատեւ քարոզչական ու քաղաքական պայքարի, վերջին տարիներուն Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ նկատառելի յառաջխաղացք ապահովուած է: Ազնաւուրի յայտարարութիւնը կու գայ վտանգելու այդ յառաջխաղացքը եւ ծանրօրէն կը հարուածէ պայքարողներու բարոյական կորովը: Եթէ Ազնաւուր միայն քանի մը օր սպասէր, ապա ականատես կը դառնար այդ յարատեւ աշխատանքին արդիւնք հանդիսացող ի՛ր իսկ երկրին՝ Ֆրանսայի, նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի վերաբերմունքին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ու Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման կապակցութեամբ:
Հեգնականը այն է, որ Սարքոզի Երեւանի մէջ, երէկ, «Ֆրանսա» հրապարակին վրայ ունեցած ելոյթին ընթացքին, «Ցեղասպանութիւն» բառը հայերէնով արտասանելու չափ հեռու գնաց, մինչ Ազնաւուր կը փութար այդ բառէն ձերբազատելու թրքական երազը իրականացնել:
Մենք կը հասկնանք Ազնաւուրի ընդվզումը նաեւ մեր իշխանութեանց անզօրութեան ի տես, ինչպէս նաեւ անոր զայրոյթը, երբ կը խօսի Հայաստանի մէջ անպատիժ գործող «մաֆիոզ»ներուն մասին, որոնք նոյն իշխանաւորներու հովանաւորութեամբ կը թալանեն երկիրը ու ժողովուրդը կը մատնեն թշուառութեան: Այդ «մաֆիոզ»ներուն դէմ պայքարելու ձեւը՝ Թուրքիոյ հետ սահմանը ամէն գնով բանալու քաղաքականութիւնը չենք կարծեր որ է: Ընդհակառակը, ներկայ իշխանութեան գործելակերպով, անոր մինչ այժմ ցուցաբերած վարքագիծով, Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացումը միայն հայ «մաֆիոզ»ներուն գրպանները առաւել հարստացնելու պիտի ծառայէ, իսկ ժողովուրդի բարօրութեան ուղղութեամբ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրնայ խոստանալ:
Մենք կ՛ուզենք հաւատալ, թէ մեր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած արուեստագէտը, մեր բոլորին սրտամօտիկ հայ մարդը, արագ կ՛անդրադառնայ, որ Թուրքիոյ կողմէ պարզապէս մեր ժողովուրդին վնաս տրուած ըլլալու ինչ որ խոստովանանք մը գողնալ չէ մեր ազգային պահանջը: Կ՛ուզենք նաեւ, որ ան անդրադառնայ, թէ իր կամ իր շրջապատի մարդոց Արեւմտեան Հայաստան երթալու-չերթալու տրամադրութիւններուն հետ պէտք չէ կապել կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանալու մեր սրբազան իրաւունքը: Ինք այդ իրաւունքը չունի, եւ ոչ մէկ բարեգործութիւն, ոչ մէկ ազգանպաստ գործունէութիւն չի կրնար իրեն այդ արտօնութիւնը տալ:
Կրկնելով մեր խորին ակնածանքը Շարլ Ազնաւուրի անձին ու անոր արուեստին հանդէպ՝ կը դիմենք մեծ երգիչին՝ վերատեսութեան ենթարկելու չգիտակցուած կերպով մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը անարգող իր արտայայտութիւնները, եւ իբրեւ Հայաստանի դեսպան՝ դառնալու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան ու իղձերու արտայայտիչ, դառնալու աշխարհով մէկ մեր ազգային Դատի շեփորահարը:

Խմբագրական «Ասպարէզ»ի