Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 53 թեր, 66 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի ներկայացուցած օրինագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին,

Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որոնց հիման վրայ կ՛առաջարկուի անցում կատարել հարիւր տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին:

Ազգային Ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խըմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ելոյթ ունեցաւ՝ ըսելով, որ խնդիրը քննարկման կարիք ունի, եւ տրուած ըլլալով, որ յառաջիկային սահմանադրական փոփոխութիւն- ներ պէտք է ըլլան, ուրեմն այս հանգրուանին Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ այդ օ- րինագիծին, որպէսզի հետագային ատիկա մանրամասն քննարկէ:

Վարդանեան. «Ե՞րբ Իրական Հաշուառում Պիտի Կատարուի»

Երէկ Ազգային ժողովի նիստին, երբ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի հաւանութեան ներկայացուցած էր իր ծրագիրը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հարցում ուղղեց վարչապետին: Նախ եւ առաջ ան նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը իր հսկայական պատասխանատուութեամբ յաջողի, բոլորը ուրախ կ՛ըլլան, սակայն իրենց գնահատականը արդիւնքներով պայմանաւորուած կ՛ըլլայ: Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ առաջին հարցումը կը վերաբերի արցախեան ազատամարտի մասնակիցներուն, որոնց մասին կէտեր կան ծրագիրին մէջ, բայց պետութեան սուղ միջոցներով մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած հարցը լուծել, ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէն: Վարդանեան հարց տուաւ, որ արդեօք նոր կառավարութիւնը մտադիր չէ՞ իրական հաշուառում կատարել, թէ որո՛նք մասնակցած են ազատամարտին: Ըստ անոր, Շուշիի ազատագրման մասնակցած են մօտ հազար անձեր, բայց չորս հազար անձեր մետալ ստացած են Շուշիի ազատագրման համար: Եթէ իրական հաշուառում կատարուի, անշուշտ եթէ ուշ չէ, ապա այդ սուղ միջոցները կարելի պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել:
Դաշնակցական պատգամաւորը հարցուց նաեւ, թէ նոր կառավարութեան համար կենսաթոշակային բարեփոխման նպատակը ի՞նչ է, ատիկա ընկերայի՞ն ոլորտի բարեփոխում է, թէ՞ տնտեսական: Եւ երրորդ հարցը, ըստ Վարդանեանի, արդէն թեւաւոր խօսքի վերածուած է: Վարչապետին ուղղելով խօսքը՝ Աղուան Վարդանեան հարց տուաւ, որ այն արտայայտութիւնը՝ պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած՝ ինչո՞ւ այդ արտայայտութիւնը չէ դրուած ծրագիրի պարտադիրի կէտին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ չորրորդ հարցը, որ խընդիրներուն մեծ մասը անկէ կը բխի, որ մենք մէկ բան կ՛ըսենք, մէկ բան կը յայտարարենք, բայց այլ բան կ՛ընենք. պատգամաւորը հետաքրքրուեցաւ վարչապետին անձնական վերաբերմունքով: Ըստ անոր, նախանցեալ օր վարչապետին ներկայութեամբ կա- տարուեցաւ քուէարկութիւն՝ իրաւունք - պարտաւորութիւն բառերու վրայ խաղալով, քուէարկութիւն կատարուեցաւ եւ անցաւ: Վարդանեան շեշտեց, որ եթէ այսպէս պիտի շարունակուի, վստահութեան խնդիրը պիտի դառնայ մեծագոյն խնդիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պատասխանելով հարցումներուն՝ նախ նշեց, որ Ազգային ժողովի քուէարկութիւններուն հետ ինք այլեւս կապ չունի եւ պատգամաւորներուն հարցն է իրենց կամքը ազատ արտայայտել: «Ինչ կը վերաբերի Արցախի ազատամարտի մասնակիցներուն, հաշուառման մասով, ձեզի հետ համաձայն եմ, պէտք է ունենանք յստակ հաշուառում: Հաշ-ւի կ՛առնենք ձեր առաջարկը: Կուտակային բարեփոխման վերաբերեալ, ատիկա ընկերային բարեփոխում է, այլ ոչ թէ տնտեսական: Պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած կը նշանակէ, որ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ մեր քաղաքացիներուն մօտ ընկերային լուրջ խնդիր չյառաջանայ: