Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նիստ մը գումարեց Ազգային ժողովի հինգերորդ գումարման հինգերորդ նստաշրջանի օրակարգի նախագիծին մէջ
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինեալ պայքարի վերածելու, էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» յայտարարութիւնը ընդգրկելու վերաբերեալ:
Նախագիծի հեղինակն է ՀՅԴ խըմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, տագնապի ծագման հետեւանքներու պատճառներու խեղաթիւրումները եւ նենգափոխումները, ատելութիւն սերմանող հակահայկական կոչերը եւ գործողութիւնները, իրենց կողմէ կատարուող ոճիրներու ծանրութիւնը չընդունիլը կը շարունակեն տագնապի լուծման սկզբունքային եւ առանցքային խոչընդոտը հանդիսանալ, եւ այս քաղաքականութեան շարունակութեան հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճան:
Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ միշտ նպատակայարմարութիւն կայ այսպիսի յայտարարութեան, եւ Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի նենգափոխէ իրադարձութիւնները: Ըստ Ռուստամեանի, Ատրպէյճան նախայարձակի փոխարէն իբրեւ զոհ ներկայանալով՝ կը յաջողի քարոզչութեան մէջ, քանի որ կը յաջողի նենգափոխել իրադարձութիւնները:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ այսօր մեր հիմնական խնդիրը իրավիճակը ճիշդ ներկայացնելն է, ինչպէս նաեւ ուղղորդող փաստաթուղթերու առկայութիւնը եւս շատ կարեւոր է: Ըստ Ռուստամեանի, փաստաթուղթը նաեւ հիմք կը ծառայէ միջազգային կազմակերպութիւններուն համար:
Արմէն Ռուստամեանի ամփոփիչ ելոյթին ընթացքին բանավէճ ծաւալեցաւ Ալեքսանտր Արզումանեանի հետ: Արզումանեան Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէր, թէ ինչո՛ւ, երբ համաձայնական կառավարութեան մէջ կը գտնուէր, չխոչընդոտեց Ռոպերթ Քոչարեանի ապաշընորհ արտաքին քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մնաց բանակցային հոլովոյթներէն:
Յանձնախումբի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք նախագիծը մերժուեցաւ: Կողմ քուէարկեցին միայն Արմէն Ռուստամեան, Նիկոլ Փաշինեան, Թեւան Պօղոսեան: Ալեքսանտր Արզումանեան չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Որոշում տրուեցաւ նախագիծը վերամշակելէ ետք՝ դարձեալ ԱԺ բերել: