Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ը կազմակերպած էր «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումար, որուն ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերուն հիմնախնդիրները՝ բնակարաններու ապահովում, աշխատանքի հարց ու անոնց լուծման ուղիները:

Համագումարին մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ‘ նշած, որ անհրաժեշտութեան պարագային ընդհանուր ծրագիր պիտի իրականացուի նաեւ Հայաստան գաղթող քեսապահայութեան համար:

2012 թուականէն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով Հայաստան գաղթած է մօտ 12 հազար սուրիահայ, որոնց հիմնական խնդիրը կեցութեան վայր եւ աշխատանք ունենալն էր: 2 տարիներու ընթացքին մօտ 1000 սուրիահայ ընտանիք դիմած է ժամանակաւոր կացարան ձեռք բերելու խնդրանքով: Բազմաթիւ միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններ, անհատ ձեռներէցներ օժանդակած են վերջիններուն՝ տրամադրելով բնակարաններու վարձքը: Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ քանի որ սեփական բնակարան ունենալու խնդիրը պիտի նպաստէ, որ սուրիահայերը մնայուն բնակութիւն հաստատեն հայրենիքի մէջ, Աշտարակի մէջ նախատեսուած է կառուցել «Նոր Հալէպ» թաղամասը:
Աշխատանք ունենալու խնդրանքով սփիւռքի նախարարութեան դիմած է 1765 սուրիահայ եւ, իբրեւ արդիւնք, այսօր կէսէն աւելին արդէն աշխատանք ունի: Գործարար ոլորտին աջակցելու իմաստով եւ քայլերու ձեռնարկուած են, եւ անոնք պիտի նպաստեն նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: Փոքր եւ միջին առեւտուրով զբաղողներուն համար սահմանուած են վարկային արտօնութիւններ՝ 12 հազար տոլար վարկ՝ 4 տոկոսով, հինգ տարի մարման ժամկէտով: «Պետութիւնը մօտաւորապէս կէս միլիոն տոլարից աւելի գումար է յատկացրել մանր եւ միջին պիզնըսի ներկայացուցիչներին, որպէսզի իրենց պիզնըսը դնեն. արդիւնքում՝ արդէն մօտ 70 պիզնըս- ծրագիր է կեանքի կոչուել», յայտնած է նախարար Յակոբեանը:
Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները այն վերջին կաթիլներն էին, որոնք զգաստութեան մղեցին միջազգային հանրութիւնը:

 

«Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրին նպատակն է սուրիացի ընտանիքներու եւ տեղացի
հայերուն միջեւ ընկերութիւն հաստատել

Մեկնարկած է «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրը, որուն նպատակն է Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած 45 ընտանիքներու եւ տեղացի հայ ընտանիքներու միջեւ անմիջական ու ընկերական յարաբերութիւններու հաստատման աջակցիլ:
Ծրագիրը նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը՝ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական աջակցութեամբ: Ծրագիրը կը գործադրէ «Կազա» զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամը:
Ծրագիրի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է «Կազա» հիմնադրամի «Էսփաս» երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ: Զարինէ Յարութիւնեան՝ հիմնադրամի ծրագիրի պատասխանատուն, բացատրած է. «Հիւրընկալող ընտանիքները կապ կը հաստատեն տեղահանուած ընտանիքների հետ, եւ քաջատեղեակ լինելով երկրի եւ հասարակութեան առանձնայատկութիւններին, կ՛ուղղորդեն եւ կ՛աջակցեն նոր ժամանած ընտանիքներին գործնական խորհուրդներով եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան տրամադըրմամբ: Ընտանիքները նաեւ միմեանց հետ ազատ ժամանակ կ՛անցկացնեն, միասին կ՛այցելեն մշակութային եւ տեսարժան վայրեր»:
«Ծրագիրը մի կողմից մեծ հնարաւորութիւն ունի նպաստելու տեղացի հայերի եւ Սիրիայում հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած ընտանիքների միջեւ միջմշակութային երկխօսութեան ամրապնդման, միւս կողմից՝ մեր երկրում փոխօգնութեան մշակոյթի զարգացման», յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի տնօրէն Անահիտ Մինասեանը:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի պատասխանատու Քրիստոֆ Պիերուիրթ նշած է. «Տեղահանուած բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անոնց համարկումը բարդ եւ բազմակողմանի գործընթաց է: Համապատասխան կարգավիճակի եւ փաստաթուղթերու, կացարանի, աշխատանքի կարելիութեան տրամադրումը եւ բազմաթիւ այլ գործընթացներ ի հարկէ կարեւոր են, սակայն իւրաքանչիւր գաղթականի համար առաւել կարեւոր է տուեալ երկրին մէջ տրամադրուած ապաստանը դարձնել իրենց համար հարազատ տուն»:
«Հակամարտութեան պատճառով իրենց հարազատներն ու սիրելիները լքած մարդոց համար շատ կարեւոր է ընդունուած զգալ, նոր միջավայրին յարմարելու համար օգնութեան հնարաւորութիւն կամ խորհրդատուական աջակցութիւն գտնել, ինչ որ, սակայն, կարելի չէ իրականացնել տեղեկատուական գրքոյկներու կամ պաշտօնական դասընթացքներու միջոցով: «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրին նպատակը այդ աջակցութեան տրամադրումն է», ըսած է Պիերուիրթ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի կամաւորներուն՝ իրենց ներգրաւուածութեան համար եւ աւելցուցած, որ ծրագիրը միայն մէկ նպատակ չի հետապնդեր: «Գաղթականները եւ այլ տեղահանուած անձեր իրենց հետ Հայաստան բերած են հարուստ փորձառութիւն, գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ հիւրընկալող համայնքներուն ու ընտանիքներուն եւ մեծապէս նպաստած անոնց զարգացման: Այս ներուժը պէտք է անպայմանօրէն օգտագործել», նշած է Պիերուիրթ: