Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը, Ժաք Ֆորը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ յառաջիկային նշանակուելիք ֆրանսացի նոր համանախագահ Փիեռ Անտիօ:
Նախագահին մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ հանդիպումին ընթացքին համանախագահները նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ քննարկած են Ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ վիճակին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր: