Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դաշնակցութիւնը ձեռնպահ կը քուէարկէ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած՝ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցը: Կառավարութեան առաջարկած նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ:

Նախքան քուէարկութիւնը քաղաքական խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ դէմ եղած է պարտադիր բաղադրիչին, եւ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ քաղաքացիին կամքի արտայայտութիւնը նկատի առնուած է:
Մինասեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան ամբողջական առաջարկները այս նախագիծին մէջ ներառուած չեն: Ըստ անոր, նախագիծը քայլ առաջ է, բայց չի լուծեր այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը գտնուին թէ՛ «Դէմ եմ» քաղաքացիական շարժման, թէ՛ բոլորին պահանջներուն մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ իրենք լաւ կը հասկնան, որ ասիկա քայլ առաջ է նախկին կառավարութեան կարծր դիրքորոշումէն, եւ այս պատճառով Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը յստակ արտայայտեց իր տեսակէտը, որ ինք դէմ չէ այդ նախագիծին, բայց նաեւ ամբողջովին ալ համաձայն չէ, որ նախագիծը ընկալուի իբրեւ հարցի լիարժէք լուծում: «Մենք վստահաբար կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ կառավարութեան հետ աշխատանք տանելու միջոցով վերջնականապէս պարտադիր բաղադրիչը հանելու մեր օրէնսդրութենէն», ըսաւ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ իրենց համար շատ յստակ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը: «Դուք մեզի հարցումներ մի՛ ուղղէք: Մենք որոշած ենք ձեռնպահ քուէարկել, ընդամէնը կ՛օգնենք ձեզի: Դուք մտածեցէք, որ անցեալին ինչպէ՛ս յամառօրէն կ՛ըսէիք, թէ դուք էք ճիշդը, եւ մեզի չէիք լսեր: Մենք հիմա ձեզի կ՛օգնենք, որ այս կէս քայլը ընդունուի եւ պատրաստ ենք աշխատելու՝ իսկապէս բնականոն կենսաթոշակային համակարգ ունենալու համար», յայտնեց Վարդանեան:
Միւս կողմէ, խօսելով կառավարութեան ծրագիրին մասին, Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ կառավարութիւնը բոլոր քաղաքական ուժերուն առաջարկած է, որ իրենց առաջարկները ներկայացնեն կառավարութեան եւ Դաշնակցութիւնը իր մօտեցումները պիտի ներկայացնէ:
Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը այդ առաջարկներու ծրագիրը կը մշակէ, կմախքը արդէն պատրաստ է, անգամ մը եւս պիտի քննարկեն ծրագիրը եւ ներկայացնեն կառավարութեան: Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ներկայացնէ մօտ 40 կէտերէ բաղկացած առաջարկներ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կառավարութիւնը հաւանութիւն պիտի տա՞յ ՀՅԴ-ի ներկայացուցած նախագիծին, Վարդանեան նշեց, որ իրենք ենթադրութիւններով չեն առաջնորդուիր, իրենցմէ խնդրած են առաջարկներ եւ պատկերացումներ ներկայացնել կառավարութեան ծրագիրին վերաբերեալ եւ իրենք պիտի ներկայացնեն:
Անդրադառնալով այն տեսակէտին, թէ արդեօք առաջարկներ ներկայացնելը կուսակցութեան չի՞ պարտաւորեցներ թեր քուէարկել կառավարութեան ծրագիրին, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ խմբակցութիւնը ազատ է իր քուէարկութեան ժամանակ եւ որեւէ կախուածութիւն չունի: Ըստ Վարդանեանի, եթէ կառավարութիւնը իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունի, բնական է, որ դէմ չեն քուէարկեր ծրագիրին: Ան աւելցուց, որ պիտի նային, թէ կառավարութիւնը ի՛նչ ծրագիր կը ներկայացնէ եւ տան իրենց գնահատականը: Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը պիտի նայի, թէ այս կառավարութիւնը կը շարունակէ՞ նախորդ կառավարութեան ծրագիրը, թէ՞ էական փոփոխութիւններ կան նոր կառավարութեան ծրագիրներուն մէջ: