ԼՂՀի հետ համագործակցելու կոչ ուղղուած է
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի 32 երեսփոխաններ ընդունեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ճանչցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կոչ ուղղեցին սերտօրէն համագործակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն հետ:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 20 տարի առաջ, խորհրդային եւ միջազգային օրէնսդրութեան հիման վրայ անկախութիւն յայտարարելու մասին որոշում տալով, Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկան նոր պետութիւններ: Ըստ յայտարարութեան, ինքնորոշման եւ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու իրաւունքէն օգտուեցան ոչ միայն Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը, այլեւ Լեռնային Ղարաբաղը:
Այս 4 քաղաքական միաւորները յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան Եւրոպական խորհուրդի անդամ են, իսկ Արցախը տակաւին չէ ընդգրկուած Եւրոպական խորհուրդի կազմին մէջ: Հակառակ այդ փաստին եւ բարդ իրադրութեան, Արցախը ըն-դունած է եւ հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ պետականաշինութեան ուղին, որ կը համապատասխանէ Եւրոպայի ոգիին, առաքելութեան եւ արժէքներուն:
«Բարձր գնահատելով Արցախի մէջ ժողովրդավարական բնորդի զարգացման հոլովոյթն ու արդիւնքները եւ գիտակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակի հովանիին ներքեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, մենք կը շնորհաւորենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր հռչակման 20-ամեակին առիթով եւ կոչ կ՛ուղղենք սերտօրէն համագործակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն հետ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները, ֆրանսացի, անտորրացի, բրիտանացի, զուիցերիացի, աւստրիացի, պելճիքացի, սերպ, սլովաք, իտալացի երեսփոխանները: