Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խօսելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին՝ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ չշրջանցեց Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու եւ Մաքսային միութեան անդամակցելու հարցը:

«Մենք չենք ստիպեր Հայաստանին, որ այնպիսի ընտրութիւն կատարէ, որ կը հակասէ իր շահերուն, այդ մասին ես խօսած եմ Սերժ Սարգսեանի հետ Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին», յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտ՝ շեշտելով, որ «Հայաստանի համար պէտք է գտնել Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու այնպիսի ձեւ մը, որ չի հակասեր Մաքսային միութեան անդամակցելուն»: «Ես կը կարծեմ, որ կարելի է գտնել խելացի ձեւ», նշեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման՝ նախագահ Հոլլանտ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին 500 հազար հայեր, բայց երկու երկիրներուն տնտեսական արդիւնքները սերտելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ շատ ընելիքներ կան այդ ուղղութեամբ. պէտք է նախ Ֆրանսայի գործարար հանրութեան ծանօթացնել հայաստանեան շուկան:
Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ոգեւորիչ նկատեց այն հանգամանքը, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի հետ պիտի այցելեն ֆրանսական «Քարֆուր» մեծ հանրախանութներու ցանցի երեւանեան կեդրոնը՝ տեսնելու, թէ ո՞ր ֆրանսական եւ հայկական ապրանքները պիտի առաջարկուին յաճախորդներուն:
«Մենք կը ցանկանք աջակցիլ Հայաստանին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ», եզրափակեց Հոլլանտ:
Հայ-ֆրանսական տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն կարելիութիւն տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու նախագահներուն: Ֆորումին կը մասնակցէին տասնեակ մը գործարարներ Ֆրանսայէն, եւ անոնցմէ մէկը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հարցուց, թէ ի՞նչ կը սպասէ ներդրողներուն Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խոստացաւ, որ Մաքսային միութիւնը աւելի գրաւիչ պիտի դարձնէ Հայաստանը:
«Մաքսային միութեան հաւանական անդամակցութիւնը, կը կարծեմ, Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ իբրեւ ներդրումային միջավայր Հայաստանը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ: Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ Հայաստանի գրաւչութիւնը կրնայ բարձրանալ, եթէ մենք յաջողինք շուկայի սահմանափակումները վերացնել, ու նաեւ մեծ շուկաներէն կտրուածութեան վերջը տալ: Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը ճիշդ այսպիսի խնդիրներ կը լուծէ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Բացի անկէ, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ ուժանիւթ ներմուծելու մրցունակ գիներով՝ 30 տոկոս զեղչով, ինչ որ եւս մեծ խթան է տնտեսութիւնը զարգացնելու համար:
Նախագահ Սարգսեան հերքեց այն լուրերը, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը կրնայ խոչընդոտել ներդրումները, որոշ ապրանքատեսակներու սղութեան պատճառով. «Հիմնական հումքերի եւ ապրանքատեսակներու մասով մենք արդէն բանակցային հոլովոյթին մէջ ունինք համաձայնութիւններ, երկրորդ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը ունի գործիքներ, որոնցմով կը խրախուսէ տուեալ ներդրողին, եթէ ժամանակի ընթացքին ըլլան որոշակի փոփոխութիւններ, կապուած հումքի ներմուծման հետ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ այստեղ շատ հանգիստ կարելի է ըլլալ»:
Յայտնենք, որ երէկ նախագահներ Սարգսեան եւ Հոլլանտ այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Հոլլանտ Խոստացած Է Ղարաբաղեան Տագնապի
Լուծման Համար Կարելին Ընել

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ աւելի կանուխ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հանդիպումը նախ կայացած է պատուիրակութեան անդամներու ընդլայնուած կազմով: Ֆրանսայի նախագահը համոզում յայտնած է, որ այս այցելութիւնը կարեւոր դեր պիտի խաղայ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Ապա հանդիպումը շարունակուած է դռնփակ:
Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Հոլլանտ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսան իրմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար:
«Ես Ատրպէյճան կը գտնուիմ շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ: Կը պատրաստուիմ մեկնելու նաեւ Հայաստան եւ Վրաստան», ըսած է ան, աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:
Ըստ անոր, արձանագրուած են տասնեակ հազարաւոր զոհեր, նաեւ միջադէպեր արձանագրուած են վերջին շրջանին: «Այդ պատճառով Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, պիտի ընէ կարելին գտնելու համար խաղաղ լուծում, որ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին թոյլ պիտի տայ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա կը բխի երկու երկիրներու շահերէն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: