Քաշաթաղի շրջանի Կարեգահ գիւղը այս տարուան Մայիսին պիտի մաքրուի ականներէ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են «Landmine Free Artsakh» խումբէն՝ նշելով, որ այդ աշխատանքը պիտի կատարուի շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նուիրատուներուն տրամադրած 35 հազար տոլար յատկացումին։
Ամերիկահայերու մեծ ներդրումները կարելիութիւն տուած են, որ Հոկտեմբեր 2013ին մաքրուի Քաշաթաղի շրջանի Նորաշէնիկ գիւղը՝ սկաւառակային ռումբերէն եւ այլ վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթերէ:
Անկէ առաջ Վիրաբ Շաբոյեան կը վախնար թոյլատրել իր երեխաները այգիին մէջ խաղալ: «Ես աներկբայ պէտք է շնորհակալութիMPւն յայտնեմ բոլոր այն մարդկանց, ովքեր ապահովում են իմ եւ այս շրջանի բոլոր երեխաների անվըտանգութիւնը: Ես շատ շնորհակալ եմ, որ կան մարդիկ, ովքեր գումար են տալիս նմանատիպ բարեգործութեան համար», յայտնած է Վիրաբ Շաբոյեան:
Գիւղին մէջ յայտնաբերուած եւ ոչնչաց- ւած էին 12 ռումբեր եւ 28 այլ հրանօթային արկեր: