Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Հանրապետութեան նախագահին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան միջեւ:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն ղեկավար Արմէն Սարգսեանի համաձայն՝ նման հանդիպումներ կարեւոր են այն առումով, որ երկիրի նախագահը պատկերացում կը կազմէ տարբեր հարցերու վերաբերեալ կուսակցութիւններուն տեսակէտներուն եւ մտահոգութիւններուն մասին: Հանդիպումներու պարբերական ըլլալը առիթ կը հանդիսանայ արծարծուող հարցերն ու խնդիրները ոչ միայն քննարկելու, այլ նաեւ անոնց լուծման եղանակներ առաջարկելու, եւ ստուգելու կատարուած աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը:
Արմէն Սարգսեան նշած է, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը բազմաթիւ հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր համայնքներու մէջ (90է աւելի), եւ մանրամասնօրէն գիտէ ժողովուրդը մտահոգող խնդիրները, որոնք ներկայացուած են նախագահին։
«Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցին երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեանը առնչուող մի շարք կարեւորագոյն հարցեր, կարեւորուեցին իշխանութիւնների կողմից տարուող աշխատանքները՝ մասնաւորապէս, վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը, գիւղապետերի վերապատրաստման գործընթացը, արտաքին քաղաքականութեան մէջ իշխանութիւնների կողմից կատարուած արմատական փոփոխութիւնը, որի արդիւնքում իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման գործընթացը, օգտագործելով ամբողջ սփիւռքի, յատկապէս ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակների ներուժը», յայտնած է Արմէն Սարգսեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կառավարման համակարգի, մարդուժի ընտրութեան վերաբերեալ հարցեր, որոնց ընթացքին խմբակցութեան կողմէ շեշտը դրուած է կառավարման համակարգին մէջ նոր մտածելակերպ ունեցող ուժերու ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութեան վրայ։
«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավարը յայտնած է, որ անդրադարձ կատարուած է ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն: Խմբակցութիւնը կարեւոր նկատած է 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական համակարգին անցնելու հարցերը:
Միտքեր ծաւալած են կրթական բարձրագոյն համակարգի կատարելագործման անհրաժեշտութեան շուրջ:
Երկուստեք կարեւոր նկատուած է լրատուամիջոցներով եւ իշխանութիւն-ժողովուրդ ուղղակի կապերու միջոցով երկրի բնակչութիւնը երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին տեղեակ պահելու վերաբերեալ:
Միաժամանակ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ քննարկումներու նիւթ դարձած են այնպիսի հարցեր, որոնք, ըստ էութեան, խոչընդոտ կը հանդիսանան երկրի կենսագործունէութեան: Կայուն եւ աշխոյժ կերպով զարգացող կառավարման համակարգ ունենալու համար կարեւոր նկատուած է երկրի քաղաքական ուժերու պատասխանատուութիւն ստանձնելու հարցը:
Նախագահին առաջարկով նմանատիպ հանդիպումներ պիտի կայանան եռամսեայ դրութեամբ: