Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քուէարկենք Արամ MP-3

«Եւրովիժըն-2014»ի այս տարուայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3-ին ելոյթ պիտի ունենայ այսօր Մայիս 6-ին կայանալիք մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլի ընթացքին՝ առաջին, ըստ ներկայացման շարքին:

Հայաստանեան երգի՝ «Not alone»ի հեղինակը Արամ MP3-ին է, խօսքերու հեղինակը՝ Գարիկ Պապոյեան: Երգի գործիքաւորումը կատարած է Լիլիթ Նաւասարդեանը, իսկ տեսահոլովակի բեմադրիչը Գրիգոր Գասպարեանն է: Երգի բնորոշող բառերն են՝ «պայքարի՜ր յանուն սիրոյ»:
Հայաստանը ներկայացնող Արամ Սարգսեանի՝ մեր տաղանդաւոր հայորդիի, յաղթանակին համար շատ բան կախուած է մասնաւորապէս մեր եւրոպաբնակ հայերէն: Հետեւաբար բոլորս պէտք է քաջալերենք եւ աջակցինք Արամին ու հաւատանք անոր յաղթանակին:

Հայրենակիցներ քուէարկենք Հայաստանի երգիչին ի նպաստ:

Եթէ բոլորս փորձենք մասնակցիլ քուէարկութեան՝
յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: