Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Եւրովիժըն-2014» երգի մրցոյթին օրերը հասան: Արամ MP3-ին եւ մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակութիւնը Ապրիլ 27-էն արդէն կը գտնուին Քոփենհակըն, ուր սկսած է մրցութային նախապատրաստական գործընթացը: 

«Եւրովիժըն-2014»ի այս տարուայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3-ին ելոյթ պիտի ունենայ վաղը Մայիս 6-ին կայանալիք մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլի ընթացքին՝ առաջին, ըստ ներկայացման շարքին: Երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլը կը կայանայ Մայիս 8-ին, իսկ եզրափակիչը՝ Մայիս 10-ին:
Ընդհանուր առմամբ, այս տարի «Եւրովիժընին» կը մասնակցի 37 երկիր:
Հայաստանեան երգի՝ «Not alone»ի հեղինակը Արամ MP3-ին է, խօսքերու հեղինակը՝ Գարիկ Պապոյեան: Երգի գործիքաւորումը կատարած է Լիլիթ Նաւասարդեանը, իսկ տեսահոլովակի բեմադրիչը Գրիգոր Գասպարեանն է: Երգի բնորոշող բառերն են՝ «պայքարի՜ր յանուն սիրոյ»:
Երգի տեսահոլովակը մրցոյթի youtube-եան ալիքով դիտումներու քանակով ամենաառաջինն է՝ աւելի քան 2 մլն 200 հազար դիտում ցուցանիշով: Բացի այդ, միջազգային ընկերութիւնները ու ամենատարբեր վարկանիշային կայքերը առաջատար դիրքերու վրայ կը տեսնեն Հայաստանի ներկայացուցիչը:
«Եւրովիժըն-2014» երգի համաեւրոպական մրցոյթը տեղի կþունենայ Քոփենհակընի B&W Hallerne համերգասրահին մէջ: 2014 թուականի մրցոյթը կը կրէ «Join Us» («Միացիր մեզ») խորագիրը՝ կոչ ուղղելով բոլոր երկրպագուներուն միանալ եւրոպական սիրուած մրցոյթին:
Քոփենհակընը 2 անգամ եւս հիւրընկալած է Եւրովիժընը՝ 1964 եւ 2001 թուականներուն, իսկ 2005-ին հոն կատարուած են մրցոյթի 50-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները:
2014-ի Մայիսին կայանալիք համաեւրոպական երգի մրցոյթը ուղիղ եթերով պիտի հեռասփռուի եւ այն դիտելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ աւելի քան 180 միլիոն մարդ, ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ակնյայտ է, որ Հայաստանը ներկայացնող Արամ Սարգսեանի՝ մեր տաղանդաւոր հայորդիի, յաղթանակին համար շատ բան կախուած է մասնաւորապէս մեր եւրոպաբնակ հայերէն: Հետեւաբար բոլորս պէտք է քաջալերենք եւ աջակցինք Արամին ու հաւատանք անոր յաղթանակին:

Հայրենակիցներ համախմբուինք ու քուէարկենք Հայաստանի երգիչին:
Եթէ բոլորս փորձենք մասնակցիլ քուէարկութեան՝ յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: