Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան՝ անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներուն, երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու բաժինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ խորհրդարանական համակարգին անցումը զըսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներ կը ստեղծէ, կ՛ապակեդրոնացնէ իշխանութիւնը, գործադիրը պատասխանատուութիւն կը կրէ խորհրդարանին առջեւ, հաւաքական կառավարումը ճկուն եւ թափանցիկ կը դարձնէ պետական համակարգը:

Վարդանեան ընդգծեց, որ Հանրապետութեան նախագահի ստեղծած մասնագիտական յանձնախումբը Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգ մշակած է: Ըստ անոր, փորձած են ներկայացնել ներկայիս համակարգին մէջ տեղ գտած բացերն ու թերութիւնները եւ զանոնք վերացնելու առաջարկներ ներկայացնել: Մէկ կողմէ՝ բարելաւել գործող կիսանախագահական համակարգը, միւս կողմէ՝ անցում կատարել խորհրդարանականի, որովհետեւ կիսանախագահականի պարագային կարելի չէ բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնել: Հայեցակարգի հիմնարար դրոյթներուն վերաբերեալ իր անձնական մօտեցումները շարադրած է հանրապետութեան նախագահը:

Վարդանեան յայտնեց, որ քաղաքական ուժերու մէկ մասը կը կարծէ, որ երկրին մէջ ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ խնդիրներ կան, եւ սահմանադրական փոփոխութիւնները առաջնահերթութիւն չեն: Ան աւելցուց, որ անոնք կ՛առաջարկեն յետաձգել հարցը՝ հանգուցալուծումը ձգելով ապագայ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուելիք իշխանութիւններուն:
Վարդանեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի մօտեցումը տարբեր է: «Մենք կը կարծենք, որ առկայ խնդիրներուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը կիսանախագահական ձեւի՝ մեր իրականութեան մէջ ձեւախեղ- ւած դրսեւորումն է, եւ պէտք է արմատական բարեփոխումով անցում կատարել խորհրդարանական կառավարման:
Մենք համոզուած ենք, որ ժողովրդավարական աւանդութիւններ չունեցող երկիրներուն մէջ իշխանութեան գերկեդրոնացումը վտանգաւոր է», նշեց Աղուան Վարդանեան:
Դաշնակցութիւնը քաղաքական ուժերուն եւ հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ մինչեւ 1 Յուլիս աշխուժօրէն ներգրաւուելու քննարկումներուն մէջ եւ ապացուցելու, որ խորհըրդարանական կառավարումը, հաւասարակշռելով եւ հասարակութեան դերակատարութիւնը մեծցնելով, իշխանութեան անընդմէջ վերարտադրութիւն թոյլ չտալու իրական կարելիութիւն է: «Միայն այդպիսի աշխուժութիւնը մասնագիտական յանձնախումբի ինը անդամներուն կը թելադրէ երկրի ապագային նկատմամբ պատասխանատու որոշում տալ:
Եթէ այնուամենայնիւ անոնք կը համաձայնին կիսանախագահականը սխալ ճամբով բարեփոխելու, 1 Յուլիսէն յետոյ բոլորս միասին կրնանք մերժել ու անտեղի նկատել Սահմանադրական բարեփոխումները»:

Մինասեան. «Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգը Պէտք Է Կամաւոր Ըլլայ»

Ազգային Ժողովին մէջ ընթացող «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խըմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ թէեւ Սահմանադրական դատարանը զանոնք նկատած է հակասահմանադրական, սակայն այսօր ալ շարք մը կազմակերպութիւններ կր շարունակեն մարդոց ստիպել այդ վճարումները կատարել:
«Անոնք պէտք է ըլլան ոչ թէ պարտադիր, այլ կամաւոր սկզբունքով», նշեց Մինասեան‘ շարունակելով, որ ըստ օրէնքի, մինչեւ այսօր իրականացուած պահումները ենթակայ են վերադարձուելու:
«Անոնք պէտք է անյապաղ վերադարձուին», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան‘ ընդգծելով, որ մինչեւ այսօր այն անհատները, որոնք նոյնիսկ չեն հետեւած հարկային պարտաւորութիւններուն ու չեն կատարած պարտադիր վճարումներ, ոչ մէկ իրաւաբանական պատասխանատուութիւն պէտք է կրեն:
Արծուիկ Մինասեան նշեց շարք մը իրաւական հիմնաւորումներ եւ աւելցուց, որ այսօր աշխատակիցի սեփականութիւն հան- դիսացող աշխատավարձը կը սահմանափակուի իր կամքին հակառակ, ինչ որ հակասահմանադրական է: «Սահմանադրական դատարանի որոշումին համաձայն, այդ որոշումը այլեւս հակասահմանադրական է», ըսաւ պատգամաւորը:
Ըստ Մինասեանի, վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ պարտադիր վճարողներու թիւը Հայաստանի մէջ կը կազմէ աւելի քան 270 հազար, իսկ իրաւաբանական ու ֆիզիքական անձերու եւ կազմակերպութիւններու թիւը կը գերազանցէ քանի մը տասնեակ հազարը:
«Ասիկա նոյնպէս հակասահմանադրական կը նկատուի», նշեց Արծուիկ Մինասեան: