Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի խորհրդարանը 30 Ապրիլին ձայներու 101 թեր, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց Գալուստ Սահակեանը:

Ուշագրաւ է, որ նախքան փակ, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներուն հրապարակումը, արդէն իսկ հանրապետական պատգամաւորները կը շնորհաւորէին Սահակեանը:

Քուէարկութեան մասնակցեցան նաեւ ոչ իշխանական Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները: Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ խմբակցութեան անդամներուն ազատութիւն տրուած է քուէարկելու իրենց խիղճով:

Նախարարներ
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 30 Ապրիլին ստորագրած հրամանագրով, տեղի ունեցան նախարարներու երեք յաւելեալ նշանակումներ։ Այսպէս՝ Երուանդ Զախարեան նշանակուեցաւ ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար, Յովհաննէս Մանուկեանը՝ արդարադատութեան եւ Արամայիս Գրիգորեանը բնապահպանութեան նախարար։