Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւքսել կը գտնուի մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններու ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին:
Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կարճատեւ առանձնազրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ։ Ան վերջինիս ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերուն շուրջ:
Երէկ տեղի ունեցած է հանդիպման առաջին նիստը, որու ընթացքին քըննարկուած է անվտանգութեան իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ եւ 2014թուականէն անդին Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ոչ-մարտական բնոյթի ներկայութեան պահպանման ռազմավարական ծրագրի նախագիծը: Հիւսիսային տարածաշրջանային հրամանատարութեան կազմին մէջ զօրքեր ունեցող 17 երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները յայտարարութիւն մը ընդունած են այս նիւթի կապակցութեամբ:
ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս նախարար Սէյրան Օհանեանը հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապատուրայի հետ: Քննարկեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութեան ծրագրի, Հայաստան իրականացուող պաշտպանական բարեփոխումներու եւ այդ ուղղութեամբ Դաշինքի աջակցութեան վերաբերող հարցեր: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատեց տարածաշրջանի մէջ Դաշինքի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս հակամարտութիւններու կարգաւորման զգայուն գործընթացով:
Յաւելեալ հանդիպումներու շարքին, նախատեսուած են նաեւ Սէյրան Օհանեանի երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումները Եւրոպայի մէջ դաշնակցային ուժերու գերագոյն հրամանատար ծովակալ Ճէյմս Սթաւրիտիսի եւ գործընկեր պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ: