Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ արդիւնքը կանխորոշուած է:

Ան նշեց, որ իր կարծիքով, Գալուստ Սահակեան մեծ փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութիւն է. ՀՅԴ երկար տարիներ աշխատած է անոր հետ եւ լաւ կը ճանչնան զիրար:
Ըստ Ռուստամեանի‘ Սահակեան կանխատեսելի անձնաւորութիւն է եւ փորձառու, եւ ունի շատ լաւ յատկանիշ մը՝ կրնայ հարցերուն լուծումներ գտնել ամէնէն անհաւանական իրավիճակներուն մէջ, հարթել անկարելի թուացող տարակարծութիւնները, ինչ որ կարելիութիւն տուած է պահպանելու համաձայնութիւնները Ազգային ժողովին մէջ:
«Մեր մասնակցութիւնը այստեղ ձեւական բնոյթ ունի, որովհետեւ արդիւնքը կանխորոշուած է եւ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը որեւէ բան պիտի չփոխէ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ըստ Ռուստամեանի, ասիկա իրենց սկզբունքային դիրքորոշումն է:
Նշենք, որ Հայ ազգային քոնկրեսը նաեւ պիտի չմասնակցի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան: Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, որ եթէ ոչ իշխանական ուժերը քուէարկութեան չմասնակցին՝ «ինքզինք վատ պիտի զգայ»: