Ան հայերէնով արտասանեց «Ցե-ղաս-պա-նու-թիւն» բառը
Այսօր առաւօտուն կայացաւ Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղադրուած Ռոտէնի արձանի բացման արարողութիւնը: Հարիւրաւոր մարդ համախմբուած էր:
Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները: Բարձրախօսներէն լսուած Շարլ Ազնաւուրի երաժշտութեան հնչիւններուն տակ բացումը կատարուեցաւ արձանին, որ Ֆրանսայի նուէրն է Հայաստանին:
«Թերթ» կը հաղորդէ թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի մօտեցաւ հաւաքուած բազմութեան, սեղմեց շատերու ձեռքը եւ զրուցեց իրենց հետ:
Նախքան արձանի բացումը երկու նախագահները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով: Սարքոզին իր խօսքին մէջ կրկին յիշեցուց 1915ի պատմական իրողութիւնները Ցեղասպանութիւն անուանելու անհրաժեշտութեան մասին: Ի դէպ, «Ցեղասպանութիւն» բառը ան արտասանեց հայերէնով: