Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Եթէ  Թուրքիան  Չճանչնայ  Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ 
Ֆրանսան  Յաւելեալ Քայլերու  Կը  Դիմէ» կ'ըսէ  Սարքոզի

Երէկ Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզի: Ան ՀՀ  նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Երկու երկիրներու նախագահները ծաղկեպսակներ դրին 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ անմար կրակին մօտ:


Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ, լրագրողներու հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցին ընթացքին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած է, որ «Հաւաքական ժխտողականութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է եւ շատ աւելի անընդունելի է, քան ժխտողականութիւնը՝ անհատական մակարդակի վրայ: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ պէտք է կարենայ ճիշդ նայիլ իր անցեալին, պէտք է կարենայ ուղիղ նայիլ իր սեփական պատմութեան ինչպէս լուսաւոր, այնպէս ալ ստուերոտ էջերուն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած են այլ մեծ պետութիւնները, ինչպէս օրինակ Գերմանիան: Եթէ Թուրքիան կատարէ իր պատմական պարտաւորութիւնը, ապա մենք կը մնանք այնտեղ՝ ուր հիմա ենք, կը մնանք նոյն տեղը: Իսկ եթէ Թուրքիան չընէ այդ, մենք աւելի առաջ կ՛երթանք»: Սարքոզին իր այս յայտարարութիւնը կատարած է պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցին, թէ Ֆրանսան կրնա՞յ քրէօրէն դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս լուրը հաղորդած է մէկ այլ տարբերակով: «Եթէ մինչեւ տարեվերջ Թուրքիան չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս ըրած են այլ պետութիւններ, ապա մենք կը դիմենք այլ նախաձեռնութիւններու, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի մօտ Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրինագծի ընդունման», տեղեկագրած է «Արմէնփրէս»:
Սարքոզի եւ Սարգսեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ, այցելած են թանգարան-հիմնարկը, ուր Հ. Դեմոյեան բարձրաստիճան հիւրին ծանօթացուցած է ներկայացուած ցուցանմոյշները: Այնուհետեւ Ն. Սարքոզի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ արձանագրութիւն մը կատարած է. «Ֆրանսան չի մոռնար»:
Ֆրանսայի նախագահը անուանական եղեւնի տնկած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի հարեւանութեամբ գտնուող «Յիշողութեան պուրակ»ին մէջ:

Ֆրանսական պատուիրակութիւնը

Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին կ՛ուղեկցին երեք նախարարներ‘ տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան, համագործակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու, ինչպէս նաեւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարարը:
Ֆրանսայի նախագահին հետ Հայաստան ժամանեցին նաեւ «Ֆրանս Թելեքոմ-Օրանժ» ընկերութեան նախագահը, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի նախագահ, ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեւեճեան, շարժապատկերի արտադրիչ Ալեն Թերզեան, յայտնի ֆութպոլիստ, ազգութեամբ հայ Եուրի Ճորքայեւ եւ քանի մը տասնեակ լրագրողներ:
Կը նախատեսուէր, որ Սարքոզիի հետ Հայաստան պիտի ժամանէր աշխարհահռչակ երգիչ եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, սակայն Ազնաւուր երէկ Փարիզի մէջ համերգ ունէր, հետեւաբար այսօր պիտի ժամանէ Հայաստան: Այսօր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու մասնակցութեամբ, Երեւանի մէջ պիտի բացուի Ազնաւուրի տուն-թանգարանը:
Ֆրանսայի առաջին տիկինը‘ Քարլա Պրունի, չ՛ուղեկցիր իր ամուսինին, քանի որ, ըստ ֆրանսացի լրագրողներուն, ան ծննդատուն կը գտնուի եւ կրնայ որեւէ պահու ծննդաբերել:


Այցելութիւն Էջմիածին

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահները այցելեցին Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ:
Ողջունելով նախագահներուն այցելութիւնը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն, վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց երկու դարաւոր բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը առանձնայատուկ ձեւով ընդգծեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հոգատար վերաբերմունքը ֆրանսաբնակ հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք, վերապրելով Հայոց ցեղասպանութենէն, քրիստոնէական լաւատեսութեամբ եւ յոյսով յաջողեցան իրենց հոգեւոր-ազգային կեանքը կազմակերպել Ֆրանսայի մէջ եւ այսօր‘ իբրեւ արժանաւոր քաղաքացիներ, իրենց կարեւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն յանուն Ֆրանսայի յառաջընթացին եւ բարօրութեան:
Նիքոլա Սարքոզի իր կարգին ընդգծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայաստանի մէջ եւ իր յարգանքը յայտնեց Հայ եկեղեցւոյ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ:
Հանդիպման աւարտին հիւրերը այցելեցին Մայր տաճար, Տաճարի թանգարան, ուր անոնց ներկայացուեցան Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի նուիրական սրբութիւնները:


Միջպետական համաձայնագիրներու ստորագրում

Պետական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանսայի համագործակցութեան հարցերով նախարար Հանրի Տը Ռենքուր երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստորագրեցին «Հայաստանի կառավարութեան եւ Ֆրանսայի կառավարութեան միջեւ մշակութային, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան ծրագիրը»:
Այնուհետեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան եւ ֆրանսական զարգացման գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Տով Զերան ստորագրեցին փոխադարձ ըմբռնման յուշագիր մը‘ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ ֆրանսական զարգացման գործակալութեան միջեւ:
Ստորագրուած փաստաթուղթերը կը հարստացնեն հայ-ֆրանսական լայն իրաւապայմանագրային դաշտը, որ կը ներառէ 25 միջպետական, միջկառավարական եւ միջնախարարական համաձայնագիր եւ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ համագործակցութեան յաւելեալ խորացման համար: