Հայաստանի ամենէն ծանօթ օրաթերթերէն «Ազգ»ը, չկարենալով տոկալ նիւթական դժուար պայմաններուն, վերածուած է շաբաթաթերթի:
Արդարեւ, անկախութեան տարիներուն մինչեւ 50.000ի հասնող անոր տպաքանակը, վերջին տարիներուն կը տարուբերէր 1.500էն 3.000ի միջեւ:
Թերթին խմբագրապետը Յակոբ Աւետիքեան յայտարարած է, որ նախկին օրաթերթը կը վերածուի շաբաթաթերթի: