Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի կռփամարտիկ, 51 քկ. դասակարգի մարզիկ Անոյշ Գրիգորեան

մէկ քառորդ եզրափակիչին յաղթած է բրիտանացի Քրիսթել Պարքըրին եւ անցած ախոյեանութեան կիսաեզրափակիչ հանգրուան:
Այդ հանգրուանին հասնելով՝ Գրիգորեան արդէն ապահոված էր մրցաշարքի պրոնզէ մետալը եւ Օգոստոսին Չինաստանի Նանջին քաղաքին մէջ կայանալիք պատանեկան ողիմպիական խաղերու ուղեգիրը: