Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանեան հեռատեսիլի բոլոր ընկերութիւնները պարտաւոր են առնուազն տեղեկատուական եւ մանկական հաղորդումներու մէկ  ծրագիրի ներկայացման ընթացքին ապահովել խուլ համրերուն հասկնալի՝ նշաններու լեզուով թարգմանութիւն, կամ տողատակով ցուցադրել բանաւոր տեղեկութիւնը:


Օրէնքով պայմանաւորելու համար այս պարտաւորութիւնը, արդարադատութեան նախարարութիւնը պատրաստած է նախագիծ մը, զոր պիտի յանձնէ Ազգային ժողովի քննարկման: Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, սոյն նախագիծը ներկայացնելով՝ յայտնած է, թէ նախապէս նման պարտաւորութիւն ունէր միայն Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը:
Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ պաշտօնական հրապարակումէն երկու ամիս ետք, որպէսզի պատկերասփիւռի ընկերութիւնները հնարաւորութիւն ունե նան պատրաստուելու: