ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետի որոշմամբ ստեղծուած՝ սփիւռքի նախարարութեան 2014 թուականի «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառային դպրոցի ծրագրերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը:
2014 թուականի ծրագրերու ծիրէն ներս կը նախատեսուի շուրջ 5000-է աւելի սփիւռքահայերու մասնակցութիւն: Ծրագրերու մասնակիցներու հիմնական մասը սփիւռքահայ երիտասարդներն են:
Նիստին կը մասնակցէին ՀՀ արտաքին գործերու, մշակոյթի, առողջապահութեան, մարզանքի եւ երիտասարդութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու, ոստիկանութեան, քաղաքապետարանի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Կոտայքի մարզպետարաններու, ինչպէս նաեւ Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու ներկայացուցիչներ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց գերատեսչութիւններուն նախորդ տարիներուն ծրագրերու իրականացման գործօն աջակցութեան համար:
Օրակարգի համաձայն՝ «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փատատօնի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ փառատօնի ղեկավար Սամվէլ Հարոյեան: Ան նշեց, որ ծրագիրը կը մեկնարկէ Յուլիս 1-ին եւ կþընթանայ 5 փուլով՝ «Պարար- ւեստի օրեր», «Խմբերգային արուեստի օրեր», «Ասմունքի երեկոյ», «Դուդուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն», «Հայ երգի օր»: Փառատօնի ծրագրի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան միջոցառումներ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի մէջ: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ համերգային ծրագրերու իրականացումը ՀՀ ԶՈՒ տարբեր ստորաբաժանումներով:
«Արի տուն» ծրագրի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան: Արի տուն ծրագրի տեւողութիւնը Յունիս 15-էն Օգոստոս 30-ն է, որը կþընթանայ 8 փուլով: Կը նախատեսուի շուրջ 1000 սփիւռքահայ պատանիներու մասնակցութիւն: Անոնք 9 օր պիտի անցնեն հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ, 5 օր՝ «Արի տուն» ճամբարին մէջ: Նշուեցան ծրագրի կազմակերպման նպատակով պետական գերատեսչութիւններուն հետ համագործակցութեան ուղիները: ԱԻՆ նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեանի առաջարկով որոշուեցաւ ծրագրի ծիրէն ներս կազմակերպել նաեւ «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցներու այցը ՀՀ ԱԻՆ ճգնաժամային կառավարման կեդրոն:
«Սփիւռք» ամառային դպրոցի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցեց սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագրերու վարչութեան գիտակրթական ծրագրերու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեան: Ամառային դպրոցը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 7-էն Օգոստոս 2¬ը Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ եւ կը ներառնէ հայոց լեզուի արագացած ուսուցման, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման, ազգային երգի ու պարի, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու, Սփիւռքի լրագրողներու եւ Սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացներ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատուի յատկապէս մայրենիի դասաւանդման, պահպանման ու տարածման նպաստելու առումով:
Իրականացուող ծրագրերը ներկայացուեցան ըստ համապատասխան ուղղութիւններու ժամանակացոյցի: Համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցան ծրագրերու նախապատրաստական աշխատանքներու համատեղ իրականացման եւ կազմակերպական հարցեր:
Ամփոփելով նիստը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան յանձնարարեց աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով ըս- տեղծել միջգերատեսչական աշխատանքային խումբեր: