Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ապրիլ 29-ին Մինսկի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, ուր նախատեսուած է Հայաստանի կողմէ ստորագրումը  Մաքսային միութեան  անդամակցելու փաստաթուղթին:
Հարցի մասին տեղեկութիւնները փոխանցեց տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Աւանեսեանը:


Աւանեսեան միաժամանակ տեղեկացուց, որ դեռ եւս աւարտած չեն բացառութիւններու վերաբերեալ բանակցութիւնները:
Ռուսաստանի մաքսային օրէնսգրքի հիման վրայ ձեւաւորուած Մաքսային միութենէն ներս ապրանքներու մօտ 60 տոկոսի պարագային մաքսատուրքերը աւելի բարձր են, քան Հայաստանի մէջ: Միութեան մաքսային օրէնսգրքի մէջ ներառուած է 11.553 տող ապրանք: Բռնելով Մաքսային միութեան անդամակցելու ճանապարհը՝ պաշտօնական Երեւանը բանակցութիւններ սկսաւ մօտ 900-ի շուրջ բացառութիւններ ստանալու նպատակով, որպէսզի այդ ապրանքներու մաքսազերծումը շարունակուի Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող աւելի ցած դրոյքաչափերով:
Ինչպէս յայտնի է սակայն՝ Հայաստան պիտի ստորագրէ անդամակցութեան իր փաստաթուղթը, առանց վերջնականապէս յստակացուցած ըլլալու անդամակցութեան պայմանները:...