Եռանախագահող երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւաչափը ունի եւ ղարաբաղեան գործընթացին մէջ եւ կÿուժեղանայ ու կ'աշխուժանայ պարբերաբար:
Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի յառաջիկայ տարածաշրջանային այցը:
Մինասեանը որեւէ լուրջ վտանգ չի տեսներ Ֆրանսայի աշխուժացումին մէջ: 
«Աւելին, կարծում եմ մենք մեր դիրքորոշումը պէտք է յստակ ներկայացնենք, կապուած ղարաբաղեան կարգաւորման հետ, մասնաւորապէս բանակցային գործընթացում Ղարաբաղի ներգրաւելու հարցում: Իսկ ինչ վերաբերում է հայ-թրքական յարաբերութիւններին, քանի որ տարածաշրջանային այց է, եւ առնչւում է դրա հետ, հնարաւորինս պէտք է Ֆրանսայի նախագահին ներկայացուի պարզ ու յստակ դիրքորոշում, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնների եւ Ղարաբաղի հարցի շաղկապումը դա թրքական քաղաքականութեան արտայայտումն է, եւ չի կարող լինել որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ, քանի դեռ Թուրքիան իր կեցուածքը բացատրում է Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորմամբ»,- նկատեց Մինասեանը:
ՀՅԴ պատգամաւորը չի կարծեր, թէ Ֆրանսան վերջին շրջանին աշխուժ չէ եղած բանակցային գործընթացին մէջ: «Այլ բան, որ դա հրապարակային ներկայացուածութեան աստիճանով չի քարոզուել այն մակարդակով, ինչ ԱՄՆ-ը եւ Ռուսաստանը: Լինելով Եւրամիութեան աշխուժ երկիր, ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացում ըստ էութեան ներկայացնելով ԵՄ-ն, Ֆրանսան տարբեր ձեւերով եւ տարբեր մակարդակներով իր ակտիւութիւնը ցուցաբերել է: Նոյնիսկ չեմ էլ կասկածում, որ Ֆրանսան իր ակտիւութիւնը համաձայնեցրել է միւս եռանախագահողների հետ: Ֆրանսան փորձում է իր պատկերացումները ներկայացնել ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում»,- ամփոփեց Արծուիկ Մինասեանը:
ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ ՀԱԿ-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐԸ
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան բաւական ցած գնահատեց Հայ ազգային քոնկրեսի շուրջօրեայ հանրահաւաքներու արդիւնաւէտութիւնը:
ՀՅԴ պատգամաւորը յայտնեց, որ երկխօսութիւն կոչուածը ձախողած է, եւ քանի որ հասարակութիւնը կապ չունի երկխօսութեան օրակարգային հարցեր հանդիսացող խնդիրներուն հետ, բնականաբար հասարակութիւնը օտար կը զգար այդ հոլովոյթին նկատմամբ: «Հիմա քոնկրեսը կը փորձէ այս քայլով վերականգնել որոշակի վստահութիւնը, բայց չեմ կարծեր, որ հասարակութիւնը պիտի համա խմբուի արդէն քանի մը անգամ ձախողած ուժին շուրջ», կ'ըսէ ան:
Բացի անկէ, Մինասեան դիտել կուտայ, որ այս ցոյցերը չեն կրնար յաջողութիւն ունենալ, որովհետեւ արտակարգ ընտրութիւններու պահանջը «արհեստական է»: Ըստ անոր, բոլորն ալ կը հասկնան, որ արտակարգ ընտրութիւններ չեն կրնար ըլլալ ոչ միայն անոր համար, որ իշխանութիւնը չի ցանկար, այլ որովհետեւ անոնց հասարակական պահանջի հասունացման մակարդակը ցած է: Ան աւելցուց, որ ժամկէտի տեսակէտէն արտակարգ ընտրութիւնները պարզապէս անտրամաբանական կը դառնան: «Առաւել եւս՝ երբ կը խօսինք ընտրութիւններու մասին այնպիսի ընտրական օրէնսգիրքով, որ բաւարար երաշխիքներ չի տար ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու համար», նշեց Արծուիկ Մինասեան: Ան յայտնեց նաեւ, որ «ականատես ենք հասարակական համախմբման վերացման, քանի որ քոնկրեսը ինքն իրեն հռչակած է միակ եւ ճշմարիտ ընդդիմութիւնը»: