Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը, ուր քննարկուած են քառեակի հետագայ գործողութիւնները:

Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ-էն՝ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արծուիկ Մինասեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն՝ Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն՝ Վարդան Օսկանեան, Նայիրա Զոհրապեան եւ Ստեփան Մարգարեան, Ժառանգութենէն՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:
Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտարարեց, որ քառեակը կը գործէ՝ ի հեճուկս հակառակ կանխատեսումներու: Ան նաեւ նշեց, որ հանդիպման ժամանակ որոշուած է 28 Ապրիլին սկսող եռօրեային արտակարգ կարգով ներկայացնել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին մասին օրէնքի փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծ, որպէսզի Սահմանադրական դատարանի վճիռէն ետք ստեղծուած անորոշութեան վերջ դրուի:
Քառեակի յաջորդ միացեալ նիստը տեղի պիտի ունենայ միւս շաբաթ. «Մենք համաձայնութեան պիտի հասնինք եւ պիտի կատարենք միացեալ յայտարարութիւն» ըսած է ան: