Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջին նշանակումները կատարեց նոր կառավարութեան մէջ: Նախագահի հրամանագիրներով Սէյրան Օհանեան վերանշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան՝ արտաքին գործոց նախարար:

Հրամանագիրները հրապարակուած են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:
Օհանեան եւ Նալբանդեան պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնները կը զբաղեցնեն 2008 թուականէն ի վեր: