Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ պատգամաւոր Արտաշէս Շահպազեանը բնական կը համարէ, որ Հայ Ազգային քոնկրեսը, չըլլալով խորհրդարանական ընդդիմութիւն, իր դիրքորոշումներն ու տեսակէտերը պէտք է արտայայտէ հրապարակներու մէջ, մինչդեռ ՀՅԴ-ն անոր համար կ'օգտագործէ խորհրդարանական հարթակը: Այս մասին ան ըսաւ «Առաջին լրատուականի» հետ զրոյցին ընթացքին:


Պատգամաւորը չհամաձայնեցաւ յաճախ հնչող այն տեսակէտի հետ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որպէս խորհրդարանական ընդդիմութիւն, համեմատաբար պասիւ դիրքերու մէջ է: «Նման բան չկայ: Պարզապէս ՀԱԿ-ը, չլինելով խորհրդարանական ուժ, որպէս ամպիոն օգտագործում է Ազատութեան հրապարակը, այն դէպքում, երբ տեսակէտներ յայտնելու մեր հարթակը Ազգային ժողովն է: ՀՅԴ-ն պասիվ չէ, եւ դրա ապացոյցն են նախորդ ամիս անցկացուած մեր հանրահաւաքները: Մենք բազմաթիւ հարցապնդումներ ունենք կառավարութեանը, պատրաստւում ենք լայն քննարկման առարկայ դարձնել տնտեսական մի շարք հարցեր, այդ թւում պիւտճէն, այնպէս որ՝ բոլորովին էլ պասիւ դիրքերում չենք»,- նկատեց ան: