Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վարչապետի նշանակումը քաղաքական մեծամասնութեան մենաշնորհն է, կ՛ապրինք եւ կը տեսնենք, թէ որքանո՛վ Յովիկ Աբրահամեան ինքզինք կ՛արդարացնէ:

Նոր վարչապետի առաջադրման տեղեկութեան այսպէս արձագանգած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Արձագանգելով Էդուարդ Շարմազանովի յայտարարութեան, որ կ՛ըսէ, թէ իշխանութիւնները պատրաստ են ՀՅԴ-ին նախարարի պաշտօն առաջարկելու կառավարութեան կազմին մէջ, Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Բազմիցս ըսած ենք, որ մենք կը քննարկենք ծրագրային հարցեր, կառավարութեան կազմին մէջ մտնելը կախուած է անկէ, թէ արդեօք իշխանութիւնները կը համաձայնի՞ն մեր ծրագիրներուն, թէ՞ ոչ»: