
Հայ Յեղափոխական Դաշնակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան News.am-ի թղթակիցին յայտնեց, որ օրէնքի պահանջով եւ տրամաբանութեամբ վարչապետի եւ կառավարութեան ձեւաւորման ծիրին մէջ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական ուժերուն հետ, եւ ըստ անոր, նմանատիպ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներուն հետ: Թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի հանդիպին, որո՞նք պիտի մասնակցին ՀՅԴ-էն, առայժմ յայտնի չէ, պիտի որոշուի յառաջիկային:
«Մենք ծրագիր ունինք յստակ մօտեցումներու եւ առաջարկներու, որոնք նոր ձեւաւորուած չեն, եւ բնականաբար մենք կը պատրաստուինք մեր առաջարկները ներկայացնելու: Պիտի պարզուի մեր վերաբերմունքը վարչապետի նշանակման, կառավարութեան ձեւաւորման վերաբերեալ», նշեց ան:
Իսկ թէ ի՛նչ առաջարկներ ՀՅԴ-ն կը պատրաստուի ներկայացնելու նախագահին, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ այդ առաջարկները ձեւաւորուած են նոյեմբերին 2012-ին հրապարակուած 7 կէտերու շուրջ, որոնցմէ կարելի է նշել‘ անցում կառավարման խորհրդարանական համակարգին, 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին, պիզնըսի եւ քաղաքականութեան տարանջատում, «Ընտրական օրէնսգիրք»-ի արմատական փոփոխութիւն, ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներու տրամադրում, հայ-թրքական արձանագրութիւններէն ստորագրութիւններու յետս կոչում, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքում եւ այլն:
Ինչ կը վերաբերի ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ ատիկա կը քննարկուի մամուլով, եւ եթէ քննարկուի, տակաւին չի նշանակեր, որ այդ մասին խօսք կայ: «Անձերու փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ, մենք ունինք յստակ պատկերացումներ, թէ ի՛նչ պէտք է կատարուի արմատական փոփոխութիւններ ընելու ուղղութեամբ», նշեց ան:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետի պաշտօնին, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի թեկնածութեան եւ մասնաւորաբար, թէ որքանով ատիկա ընդունելի է ՀՅԴ-ի համար, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ չի ցանկար ենթադրութիւններ ընել, քանի որ յաճախ քննարկուող ենթադրեալ փոփոխութիւնները, կը պարզուի, թէ իրականութեան հետ կապ չունին:
ՀՅԴ-ն կը խօսի վարչապետի մասին, երբ յստականայ, թէ վարչապետի թեկնածութիւնը յստակօրէն ո՛ր անձին շուրջ կը դառնայ: