ԵՐԵՒԱՆ.- Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին առիթով 7 Ապրիլին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած է երէցկիներու անդրանիկ հաւաքը:
Հաւաքին առիթով Հայաստանի թեմերէն եւ Արցախէն Մայր Աթոռ ժամանած 120 երէցկիները նախ ներկայ գտնուած են Մայր տաճարին մէջ տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Անկէ ետք Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ կայացած է երէցկիներու հաւաքը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է Մայր աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը, որ ընդգծած է առաջին անգամ ըլլալով կայացող այս հաւաքին կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին խորհուրդը հոգեպարար մթնոլորտ հաղորդած է այս բացառիկ հանդիպման եւ տօնին հոգեւոր խորհրդաբանութիւնը աւելի կը յատկանշուի իրենց քահանայ ամուսիններուն առաքելութեան երէցկիներուն ունեցած մասնակցութեամբ։
Բացման խօսքէն ետք «Երէցկնոջ դերակատարութիւնը հովուական կեանքում» նիւթով զեկուցած են Արագածոտնի թեմի Ոսկեվազ համայնքի հոգեւոր հովիւ Զօրայր քահանայ Կարապետեանն ու երէցկին Զինարիկ Անտոնեանը:
Հաւաքի լոյսին տակ որոշուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ ստեղծել կառոյց մը, որ պիտի կազմակերպէ երէցկիներու տարեկան հաւաքները, ինչպէս նաեւ անոնց նախաձեռնութեամբ պիտի կատարէ հանրօգուտ ծրագիրներ: