Ողիմպիկան խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան երրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան:
Ֆիլանտայի Վանտաա քաղաքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի առաջնութեան 98 քկ քաշային կարգին, 22-ամեայ Արթուր Ալեքսանեան 5 գօտեմարտերուն թոյլ չտուաւ, որ մրցակիցները որեւէ միաւոր վաստակեն:
Եզրափակիչ փուլի մէջ աշխարհի փոխ ախոյեանը 5:0 հաշուով յաղթանակ տարաւ թուրք Չենկ Իլդեմի նկատմամբ: