Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ապրիլ 4-ին Մոկսուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդվարդ Նալբանդեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Փոփովի, Ժակ Ֆորի, Ճէյմս Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անջեյ Կասպրչիկի հանդիպումը:

Բանակցութիւններուն արծարծուեցաւ յառաջիկային բարձր մակարդակով հադիպում կազմակակերպելու հնարաւորութիւնը։

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարները Մտահոգութիւն
Կը Յայտնեն Քեսապի Դէպքերուն Նկատմամբ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվըտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպու- թեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ լարուածութեան սրման վերաբերեալ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Քեսապի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն կապակցութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ, որ արդիւնք է կառավարական ուժերու եւ Քայիտայի հետ կապ ունեցող ծայրայեղականներու միջեւ բախումներուն, ինչ որ պատճառ դարձած է մարդկային զոհերու եւ հայերով բնակուած Քեսապ քաղաքի հազարաւոր բնակիչներու պարտադիր տեղահանութեան: Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչական գործողութիւնները եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ուժի կիրարկումը»:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին նախարարները կոչ ուղղած են բռնութիւնը դադրեցնելու եւ գաղթականներու անվտանգ վերադարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ համոզում յայտնած են, որ իրավիճակի բնականոնացումը արտաքին միջամտութեան եւ բռնութեան բացառման պարագային կրնայ լայն քաղաքական երկխօսութեան միջոց ստեղծել, որ հաշուի պիտի առնէ բոլոր սուրիացիներուն շահերը, անկախ անոնց ազգութենէն եւ կրօնական պատկանելիութենէն:
«Կոչ կ՛ուղղենք տագնապին մէջ ներգրաւուած եւ շահագրգիռ կողմերուն գործելու խստօրէն հետեւելով միջազգային իրաւունքին, ի շահ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան շուտափոյթ դադրեցման եւ խաղաղ քաղաքական լուծման հասնելու՝ Ժընեւի 30 յունիս 2012-ի հաղորդագրութեան հիման վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նալբանդեան Մասնակցեցաւ
ԱՊՀ-ի Հանդիպումին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նախարարները համաձայնեցան ԱՊՀ-ի գործու- նէութեան տարբեր մարզերուն առնչուող տասնեակ փաստաթուղթերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով խորհրդակցութիւններու կայացման եւ անոնց արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական մարզին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման եւ միջազգային կառոյցներու մէջ գործակցութեան: Հաստատուեցաւ 2014 թուականի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:
Նիստին օրակարգին վրայ կը գտնուէր Պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին ներկայացուելիք յայտարարութեան նախագիծը՝ թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ:
ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ շահագրգիռ պետութիւններու միջեւ պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման եւ իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան կատարելագործման նպատակով՝ արտաքին գործոց նախարարները պատրաստած էին համապատասխան փաստաթուղթերու նախագիծերը:
Համաձայնութիւն տրուեցաւ 2016 թուականը ԱՊՀ-ի մէջ կրթութեան տարի հռչակելու մասին: