Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կազմակերպեց քայլերթ՝ դէպի Պռոշեան գիւղ: Երթը սկիզբ առաւ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն:
Երիտասարդները կոչերով եւ պաստառներով, Ճանապարհը փակեցին ու իրենց բողոքը յայտնեցին, որ անցած է մէկ տարի, սակայն սպանութեան գործը դեռ չէ բացայայտուած:
Անոնք արդարութիւն կը պահանջէին, ինչպէս նաեւ բացայայտել անմիջապէս գիւղապետի սպանութեան յանցագործները:
«Չենք մոռանայ, չենք ների», … պաստառներով մայրուղին փակած աւելի քան 2000 մասնակիցներուն հետ հանդիպման եկաւ ՀՀ ոստիկանապետի առաջին տեղակալը, որ երկար բանակցութիւններէ ետք ներկաներուն խոստացաւ, որ յաջորդ Երկուշաբթի կամ Երեքշաբթի ՀՀ ոստիկանապետը պիտի ժամանէ գիւղ եւ հանդիպում ունենայ գիւղացիներուն հետ՝ փորձելով պատասխանել անոնց յուզող բոլոր հարցերուն:
Պռոշեանի մէջ երիտասարդները այցելեցին Զօրաց պանթէոն, ուր եւ կը հանգչի Հրաչ Մուրատեանը: Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն Հրաչ Մուրատեանի շիրիմին:
Մէկ տարի առաջ փամփուշտը դպաւ հայ ժողովուրդի ամենամեծ արժանիքները կրող անհատականութեան՝ Ազատամարտիկ, Պռոշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանին։
Հազարաւոր ընկերներ, բարեկամներ, գիւղացիներ հաւաքուեցան Պռոշեանի գիւղապետարանին դիմաց, ուր սպաննուեցաւ նախկին գիւղապետը, ի դէպ գիւղապետարանը այդ րոպէներուն անգամ բաց էր՝ իրենց համար կարծես ոչինչ պատահած ըլլար։
Բազմութիւնը, այնուհետեւ, ուղղուեցաւ Պռոշեանի Պանթէոն, ուր տէր հօր աղօթքէն ու խօսքէն ետք, խօսք առաւ Հրաչ Մուրատեանի զինակից ընկեր, համագիւղացի բժիշկ Տարօն Տօնոյեանը, որ ընդգծեց,- “Մէկ տարի առաջ փամփուշտը դպաւ հայու հայրենասիրութեան, հայու ազնւութեան, հայու մարդասիրութեան, հայ ժողովուրդի ամենամեծ արժանիքները կրող հերոսին…”:
Հրաչ Մուրատեանի զինակից ընկեր Հարմիկ Յովսէփեան վճռականօրէն յայտնեց,- “Մենք այլեւս չենք խնդրելու, այլ պահանջելու ենք”:
Նոյն ոգիով՝ դաւադրաբար սպաննուած Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցող հարազատները, ընկերները եւ համագիւղացիները՝ մօտ երկու ժամ փակեցին Երեւան-Աշտարակ մայրուղին եւ գիւղ մտնող ճանապարհը‘ պահանջելով ՀՀ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին գալ եւ պատասխան տալ մինչ օրս չբացայայտուած դաւադրութեան համար: