Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարտ 28-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը, որը կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ատեանի անդամ, ԼՂՀ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան ներկայացուց վերջերս Ֆրանսա եւ Յունաստան կատարած իր աշխատանքային այցերու արդիւնքները, նշեց, որ Ֆրանսայի Վիէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ քաղաքներու միջեւ կնքուեցաւ բարեկամութեան հռչակագիր: Ան կարեւոր նկատեց Արցախի եւ արտերկրի տարբեր բնակավայրերու հետ նման յուշագրերու կնքումը ԼՂՀ ճանաչման գործընթացով:
«Համայնքային օրեր Հայաստանում» ծրագրի ծիրէն ներս «Նոր Ջուղայի օրեր» ծրագրի կատարման ընթացքի եւ կազմակերպչական, բովանդակային խնդիրներու մասին զեկուցեց Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Կ. Սարգսեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ. ծրագրի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ ՍՆ աշխատակազմի զեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի միջեւ: Կազմակերպութիւնը կþառաջարկէ հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ, շրջապտոյտներ, սեմինարներ: Այս ծրագրի ծիրէն ներս հնարաւորութիւն կը տրուի 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներուն մասնակցելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ կամաւորական աշխատանքի միջոցով իրենց ներդրումը ունենալ հայրենիքի զարգացման, միաժամանակ կապեր ստեղծել հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ կատարել մասնագիտական գործունէութիւն: «Դէպի Հայք» ծրագիրը պիտի ըլլայ «Արի տուն» ծրագրի իւրօրինակ շարունակութիւնը: Այս տարի առաջին անգամ ծրագրին կը մասնակցին ԼՂՀ-էն 80 պատանիներ եւ աղջիկներ (ճամբարային օրերուն): Սիսիան քաղաքի «Երիտասարդութեան մայրաքաղաք» հռչակուելու կապակցութեամբ ճամբարային փուլին կը մասնակցի 15 սիսիանցի երեխայ:
Թուրքիայի Տերսիմ քաղաքէն ծրագրին պիտի մասնակցի 45 հոգիէ բաղկացած իսլամացած մեծահասակ, քրտախօս հայերու խումբ:
ԼՂՀ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան պատրաստակամութիւն յայտնեց ծրագրի 80 մասնակիցները հիւրընկալել Արցախ:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լ. Ստեփանեան ներկայացուց սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով իրականացած միջոցառումները եւ ծրագրերը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» էլեկտրոնային պարբերականի անցած մէկ տարուայ աշխատանքային գործունէութեան հաշուետուութիւն ներկայացուց պարբերականի գլխաւոր խըմբագիր Հ. Կարապետեան: