Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մէջ սկիզբ առած հենտպոլի «Չելէյնճ Թրոֆի» մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 33-17 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էսթոնիայէն:

Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներէն Մանօ-Ռոզ Կարապետեան եւ Մարկօ Թերզեան, որոնք կը բնակին Ֆրանսայի մէջ, նշանակեցին 7-ական կոլ:
Հայաստանի յաջորդ մրցակիցն է Պուլկարիա: