Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՄԱԿի գլխաւոր 

վեհաժողովի մէջ Ուքրանիոյ հարցի քննարկման առիթով

ՄԱԿի գլխաւոր վեհաժողովին մօտ, այսօր կը ներկայացուի Խրիմի մէջ հանրաքուէն անվաւեր հռչակելու մասին բանաձեւ մը:

Այս մասին «Ազատութիւն» լրատուամիջոցին խօսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը, աւելցնելով թէ Հայաստանը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ տուեալ բանաձեւի ներկայացման առիթով:
Նշենք, որ պաշտօնական Քիեւը Երեւանէն ետ կանչած է իր դեսպանը, մինչեւ որ հայկական յստակացնէ իր դիրքորոշումը՝ «եթէ կը ճանչնայ Խրիմի բռնակցումը Ռուսաստանին», ինչպէս յայտնած են Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները: