Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Առաւել քան երեք տարիէ ի վեր (2008 թուականի Փետրուարէն), Հայաստանի մէջ կը գործէ «Մետիա Սթայլ» ընկերութեան պատկանող www.tert.am ելեկտրոնային քառալեզու (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն) թերթը, միաւորելու հայութեան ներուժը եւ Հայաստանի իրադարձութիւնները հասանելի դարձնելու Սփիւռքի հայութեան։


www.tert.am-ը Հայաստանի մէջ առաջինն է, որ ընթերցողին տուաւ իր բջիջային հեռաձայնին վրայ թերթը ընթերցելու հնարաւորութիւն, որուն որպէս հետեւանք, այսօր www.tert.am-ը կարելի է կարդալ Android համակարգով աշխատող որեւէ գործիքի վրայ:
www.tert.am-ը թողարկած է նաեւ iPhone-ի եւ iPad-ի համար նախատեսւած ծրագրային յաւելուած (application), որուն միջոցով կարելի է յարմարաւէտ ձեւով ընթերցել կայքի մէջ տեղադրուող նորութիւնները։ Թերթը առաջինն է հայկական լրատուական կայքերու շարքին, որ հանդէս եկաւ այս նախաձեռնութեամբ։
Թերթը կþօգտուի նաեւ Google Analytics ծրագրէն, որ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ կայքի բովանդակութեան ընթերցուած ըլլալուն, այցելութիւններու բնոյթին, աշխարհագրական ծագման եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին:
Այսօր www.tert.am-ը հայկական լրատուական կայքերու շարքին ամենաշատ այցելու ունեցող կայքն է, մէկ ամսուան ընթացքին աւելի քան 400 հազար այցելու: Աւելին. www.tert.am-ը հայաստանցի այցելուներու թիւը կը գերազանցէ այլ կայքեր այցելող հայաստանցի այցելուներու թիւին։ Circle.am-ի եւ Google Analytics-ի տուեալներուն համաձայն, www.tert.am-ի այցելուներու շուրջ 70%-ը Հայաստանէն են, 6%-ը՝ Ռուսաստանը, 5%-ը՝ ԱՄՆ-էն, 1.5 %-ը Գերմանիայէն ու Ֆրանսայէն, իսկ մնացեալը՝ այլ երկիրներէ:
«Մետիա Սթայլ»-ի տնօրէնը կը հաստատէ, թէ երեք տարի առաջ, երբ անոնք նոր սկսած են իրենց գործունէութիւնը համացանցի լրատուական ոլորտէն ներս, դաշտը բաւական ազատ եղած է: Այսօր սակայն հակառակ պատկերը կը պարզուի: Համացանցային լրատուամիջոցներու քանակը սկսած է արագօրէն աճիլ, որակի առումով յառաջխաղացք արձանագրելով: «Կրնանք փաստել, որ ներկայիս հայկական համացանցային լրատուութիւնը բաւական լաւ դիրքերու վրայ է։ Անոր կը նպաստէ Հայաստանի մէջ համացանցի արագ տարածումը եւ համացանցը օգտագործողներու քանակի կտրուկ աճը: Այդ մղումը մասամբ առնչուած է տեղեկատուական գիտարուեստներու եւ ընդհանրապէս նորութիւններու ու նորարարութեան նկատմամբ մեր ազգին բնորոշ մեծ հետաքրքրութեան: Ներկայիս www.tert.am-ը եւ առաջատար այլ կայքեր, 1000 բնակիչի հաշուարկով, աւելի շատ կþընթերցուին, քան մեր հարեւան երկրներու‘ Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիայի, նոյնիսկ Ռուսաստանի եւ ԱՊՀ այլ երկրներու առաջատար կայքերը: Այնպէս որ, ներկայ իրավիճակը բաւական յուսադրող է»,- կþըսէ «Մետիա Սթայլ»ի տնօրէնը:
Այս տարուան Յունուար 10-ին, մեկնելով այն համոզումէն թէ թերթը պատասխանատուութիւն ունի թերթին բովանդակութիւնը իրազեկ դարձնելու ամբողջ հայութեան, ստեղծեց Հայաստանի արեւմտահայերէնով լոյս տեսնող առաջին ելեկտրոնային թերթը, որպէսզի Սփիւռքի գաղութներու զանազան հատւածները հնարաւորութիւն ունենան հաճոյքով ընթերցել Հայաստանի ու աշխարհի մասին հաղորդուած կարեւոր իրադարձութիւնները։ Անշուշտ այս իրագործումը կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մերձեցման գծով։
«Մետիա Սթայլ» ընկերութեան տնօրէն Վարդան Ասատրեանի հաստատմամբ՝ «Սփիւռքի իւրաքանչիւր հատուած պէտք է իրազեկ լինի միւսի հոգսերին», ուստի այդ համոզումէն մեկնած կայքը սկսած է գործել այն լեզուներով, որոնք Հայաստանէն դուրս ապրող հայութեան օգտագործող լեզուներն են։
www.tert.am-ի ստեղծումէն երկու տարի ետք, ընկերութիւնը մտածած է ստեղծել կայքի արեւմտահայերէն տարբերակը, որու իրականացման համար անհրաժեշտ էր գտնել Սփիւռքի մէջ ծնած մասնագէտներ։ «Արեւմտահայերէնով էջ ունենալու անհրաժեշտութիւնը»-, ըստ Վարդան Ասատրեանի, «պարտաւորիչ էր, թէկուզ հէնց այն պատճառով, որ այդքան մեծ Սփիւռք ունենք: Մենք այսօր հնարաւորութիւնների հսկայական ներուժ ունենք, եւ դա օգտագործելու համար առաջին հերթին պէտք է փոխադարձաբար իրազեկ լինենք միմեանց հոգսերին»: Չորս ամիսէ ի վեր գործող www.tert.am-ի արեւմտահայերէն տարբերակը կþանդրադառնայ ոչ միայն Հայաստանի ներքին կեանքին, այլ նաեւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու իրադարձութիւններուն, օգտուելով Սփիւռքի իր գործընկերներէն ու այնտեղ գործող լրատուամիջոցներէն։ Այս ձեւով աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայերը իրազեկ կը դառնան ոչ միայն հայրենիքին ու աշխարհի իրադարձութիւններուն, այլ նաեւ հայկական գաղութներու առօրեային, խնդիրներուն ու ձեռքբերումներուն։
Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան իր կարծիքը յայտնելով www.tert.am-ը մասին կþըսէ. «Գնահատելի է www.tert.am-ի այս խիզախ եւ յանդուգն նախաձեռնութիւնը: Իրողութեան մէջ, կայքէջի արեւմտահայերէն տարբերակը նպատակաուղղուած է Սփիւռքի հայութեան: Նման կայքէջ մը Սփիւռքի տարբեր լրատուամիջոցներուն համար լրատուութեան պատրաստութեան ու փոխանցման դիւրութիւն կþընծայէ: Օրինակ՝ Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու կամ Գանատայի մէջ գործող ձայնասփիւռի խմբագիրն ու հաղորդավարը, առանց ժամանակի կորուստի իրենց տրամադրութեան տակ ունին օրը օրին պատրաստուած լուրեր՝ միջազգային, քաղաքական եւ հայրենի։
«Թերթը մաքուր ու վճիտ արեւմտահայերէն է, դասական մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Գովելի է նաեւ օտար բառերու կողքին ներկայացուած հայերէն բացատրութիւնները: Կը շնորհաւորեմ արեւմտահայերէն բաժնի խմբագրական կազմի աշխատանքը»:


«ՀՈՐԻԶՈՆ»