Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խրիմի մէջ իրականացած հանրաքուէի մասին Հայաստանի նախագահի եւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին՝ հայկական կողմի արտայայտած դիրքորոշման մասին տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան: 

Այս մասին լրագրողներուն խօսեցաւ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Կուխտան՝ զերծ մնալով լրացուցիչ մեկնաբանութիւններ կատարելէ: Դեսպանը միայն նշեց, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի արտայայտելու իր դիրքորոշումը:
Նշենք, որ նախապէս, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցած էր Ռուսաստանի Դաշնութեան ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ: Զրոյցի ընթացքին, ըստ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջի միջոցաւ հաղորդուած տեղեկութեան, կողմերը արձանագրեցին, որ խրիմի հանրաքուէն կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտման միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման հերթական օրինակը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Ուքրանիոյ դիրքորոշումը եւս յստակ է եւ ըստ ՀՀի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանի խօսքերուն՝ այսօր ալ այն անփոփոխ է. ''Ուքրանիան կ'աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ'':
Դեսպան Կուխտայի խօսքով, այսպէս կոչուած՝ Խրիմի հանրաքուէն իրագործուած է Ուքրանիոյ սահմանադրութեան խախտմամբ:
,Պատկերացուցէք, իմ սիրելի Երեւան քաղաքին մէջ, ուր ես կ'ապրիմ, որեւէ տուն կամ փողոց յայտարարէ, որ կը փափաքի Այգեձորի մէջ հիմնել առանձին պետութիւն եւ հանրաքուէ մը կազմակերպէե,մեկնաբանած է դեսպանը:

Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Ուքրանիան դուրս կուգայ ԱՊՀ կազմէն

''Այն կազմակերպութիւնն է, որը որեւէ օգուտ չի տար, երբեք ոչ ոքի պէտք չեղաւ'', - յայտարարեց դեսպան Կուխտան, խօսելով ԱՊՀի մասին, նշելով թէ Ուքրանիան դուրս կուգայ ԱՊՀ կազմէն: ''Երբ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ շատ լուրջ իրավիճակ, ցաւոք ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մինչեւ օրս ժամանակ ու հնարաւորութիւն չգտան՝ հաւաքուելու եւ քննարկելու Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը, քանի որ շատ խիստ զբաղուած էին'' ըսաւ ան:
Այդուհանդերձ, դեսպանը կարծիք յայտնեց, որ ԱՊՀ-էն դուրս գալու պարագային՝ Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վիզային համակարգ պիտի չսահմանուի:

 

ԽՐԻՄԻ ՀԱՐՑ


Մամետիարով կը յայտարարէ՝ 
«Ատրպէյճանը Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կողմնակից է»

Ատրպէյճանը հանդէս կուգայ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ այդ երկրին մէջ կայունութեան շուտափոյթ վերականգնման օգտին։ Այս խօսքերը յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը։
Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան օգտին յայտարարութեամբ հանդէս եկան նոյն երկրի հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ եւս։


ԱՄՆ-ի դեսպանը ափսոսանք յայտնեց

Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ճոն Հեֆերն, ելոյթ ունենալով «ՆԱԹՕ և Հարաւային Կովկաս՝ ռազմավարական մօտեցում տարածաշրջանի անվըտանգութեանը» թեմայով խորհրդաժողովին, ափսոսանք յայտնեց պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշման վերաբերեալ, Խրիմի հարցով: