Հայաստանի կառավարութեան հրաժարականի հարցը ԱԺի մէջ պիտի քննարկուի Ապրիլ 28-ին
Փակ դռներու ետեւ կայացաւ մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպումը, որու աւարտին ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը յայտարարեց, որ ԲՀԿ-ն, «Ժառանգութիւն»-ը, ՀԱԿ-ը եւ ՀՅԴ-ն կառավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնելու հարցը խորհըրդարանի օրակարգին պիտի բերեն Ապրիլ 28-ին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հանրապետական մեծամասնութեան պայմաններու մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն յաջողութիւնը, Զուրաբեանը պատասխանեց.- «Իշխանութիւնները կը նահանջեն միայն մէկ դէպքում՝ եթէ ժողովուրդը դուրս գայ փողոց, եթէ ժողովուրդը դուրս գայ հրապարակ: Մեր նպատակն է ապահովել համաժողովրդական մոբիլիզացիա (շարժում) Ազատութեան հրապարակում»:
Ըստ իր խօսքերուն՝ մինչեւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցի թուականը՝ ուժերու քառեակը պէտք է այդ դրդապատճառները պարզաբանէ եւ հասունացնէ այս գաղափարի յաջողութիւնը.- «Որոշում ենք ընդունել մինչեւ Ապրիլի 28-ը կատարելիք քայլերի, համատեղ միջոցառումների ծրագրի մշակման մասին: Դրա մէջ մըտնում է ե՛ւ զանգուածային, ե՛ւ հանրային միգուցէ համատեղ միջոցառումների մշակման եւ կազմակերպման հարցը»:
Լեւոն Զուրաբեան, խօսելով այս ծրագրի յաջողութեան մասին եւ ներկայացնելով բոլորի կարծիքը, վստահութիւն յայտնեց, թէ ճիշդ ուղին ընտրուած է խորհրդարանական չորս ուժերուն կողմէ: