Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարտ 18-ի գիշերը Նայիրի բժշկական կեդրոնին մէջ 72 տարեկանին մահացաւ քանդակագործ Արա Շիրազը: Ան Փետրուար 22-ին հիւանդանոց տեղափոխուած էր գլխուղեղի ախտորոշմամբ՝ գիտակցութեան կորուստով:

Այս օրերուն ընթացքին անոր միացուած էին արհեստական շնչառութեան սարքաւորումներ, իսկ բժիշկները պայքարի մէջ էին դեղօրայքի օգնութեամբ:

Քանդակագործի վիճակը ծանր էր ու օրկանիզմը վատ վիճակի մէջ:
Արա Շիրազ համբաւի արժանացած քանդակագործ էր, որու աշխատանքները ցուցադրուած էին բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Ան հեղինակած էր Սարոյեանի մահարձանը, Ալեքսանդր Միասնիկեանի, Տիգրան Պետրոսեանի արձանները: Իր գործերու մեծ մասը կը պահպանուէր Հայաստանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:
1977ին արժանացած էր ՀԽՍՀ վաստակավոր նկարիչի կոչման, 1979ին ՀԽՍՀ Պետական մրցանակի՝ Երեւանի «Դվին» հիւրանոցի զարդաքանդակներուն համար, հետագային նաեւ՝ ժողովրդական նկարիչի կոչման:
Արա Շիրազը Յովհաննէս Շիրազի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի որդին էր: