Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ինչպէս ծանօթ է, 93 տարի առաջ՝ 1921թ.-ի Մարտ 15-ին, հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլերեանը Պեռլինի մէջ սպաննեց Հայերու ցեղասպանութեան հիմանական կազմակերպիչներէն մէկը՝ Թալէաթ փաշան:

Նոյն այդ օրը, ի յիշատակ այդ նշանաւոր իրադարձութեան, Պատանի Պատմագէտներու Ակումբը Երեւանի մէջ, Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպեց ֆլեշ-մոբ, որու ընթացքին երիտասարդներու հոծ բազմութիւնը հայրենասիրական երգերով, պարերով ու կոչերով հանդէս եկաւ, յորդորելով մայրաքաղաքի բնակիչները բաժակ մը գինի խմել Սողոմոն Թեհլերեանի յիշատակին: