ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժումին մասին ուխտի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկման, որ գումարուած էր 2013 թուականին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւին համաձայն:
ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի նիստերու մեծ սրահին մէջ, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի ղեկավար Պոտըր Նտոնկ Էլլայի նախագահութեամբ գումարուած քննարկման բացման խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ: Քննարկման հիմնական բանախօսներէն մէկն էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենկ:
Ելոյթ ունեցան շուրջ 50 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կարեւոր նկատեցին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրումը:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան մասնաւորաբար նշեց, որ հայ ժողովուրդը, իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ, բարոյական խիստ պատասխանատուութիւն կը զգայ իր ներդրումը բերելու մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային ջանքերուն: Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ անդամ պետութիւններուն, որոնք պատրաստակամօրէն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն այս վեհ նպատակին ծառայող Հայաստանի տարբեր նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի բանաձեւի բոլոր համահեղինակներուն. բանաձեւը ընդունուած է այս բարձր մարմինին կողմէ անցեալ տարի: Ըստ Նալբանդեանի, հակառակ այն փաստին, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտը ընդունուած է 1948 թուականին, սակայն անոր յաջորդած տասնամեակներուն, ներառեալ՝ վերջին տարիներուն, դժբախտաբար իրագործուած են նոր ցեղասպանութիւններ, մարդկութեան դէմ ուղղուած նոր ոճիրներ: Նախարարը աւելցուց, որ այս սարսափելի երեւոյթը Քամպոտիայէն Ռուանտա եւ Տարֆուր կը շարունակէ յամենալ:
«Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն քննարկումներու, բանաձեւերու, հռչակագիրներու, ուխտերու, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխող արդիւնաւէտ մեքանիզմներու կարիքը ունինք», շեշտեց նախարար Նալբանդեան: