Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քըննարկուեցան բանակաշինութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան զեկուցում ներկայացուց:
Նախագահը նշեց, որ բանակը Արցախի անվըտանգութեան ապահովման հիմնական երաշխաւորն է եւ անոր մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը կը հանդիսանայ պետականաշինութեան առանցքային  ուղղութիւններէն մէկը:
Նախագահ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարական տուաւ կառավարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան‘ քննարկուած հարցերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Քննարկուեցան նաեւ Յաղթանակի տօնի,  ԼՂՀ բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր: