Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պելկրատ եւ Փրիսթինա ջնջեցին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք երկխօսութեան 7րդ քննարկումները, անցեալ շաբթու մէջ սերպերու եւ ՆԱԹՕի ուժերու միջեւ բախումներէն ետք: Զինուորական ուժերը փլասթիկ փամփուշտներ օգտագործած էին քաղաքացիներու հաւաքները ցրուելու համար, վիրաւորելով շատ մարդ:

Եւրոպական Միութեան միջնորդ Ռոպերթ Քուփեր դիտել տուած է, թէ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի «երբ սերպական կողմը պատրաստ ըլլայ»:
Reuters կը հաղորդէ թէ  բախումները տեղի ունեցած են հիւսիսային Քոսովոյի շրջանէն ներս, ուր ներկայիս զետեղուած են հայ եւ յոյն զինուորներէ բաղկացած խումբերը, խաղաղութեան հսկելու համար: