Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Շուրջ 20 հայ ֆեմինիսթ գործիչներ «Ուան պիլիոն ռայզինկ» ծրագիրի ծիրին մէջ 14 Փետրուարին կիներու ձայնի բարձրացման եւ անոնց դէմ բռնութեան կանխարգիլման ուղղուած պարային ֆլեշմոպ կատարեցին Հիւսիսային պողոտային վրայ։

Աշխարհի 167 երկիրներու մէջ տեղի ունեցող «Ուան պիլիոն ռայզինկ» ծրագիրը առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի Հայաստանի մէջ:
«Ակնկալում ենք մարդկանց իրազեկել բռնութեան մասին, խնդիրը բարձրաձայնել եւ հնարաւորինս լուծել այն: Շատ լաւ օր է ոգեւորելու կանանց, որ ոտքի կանգնեն իրենց իրաւունքների համար», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ֆլեշմոպի մասնակից, «Հասարակութիւն առանց բռնութեան» կազմակերպութենէն ծրագիրի համակարգող Լիդա Մինասեանը: Գործիչները պարեցին «Ուան պիլիոն ռայզինկ» ծրագիրին համար գրուած երգի եղանակներով։