Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց երէկ, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիս, ընդառաջելով Հայաստանի իր պաշտօնակից Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրին: Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին կ'ընկերակցի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Երէկ կէսօրին, Ծիծեռնակաբերդ բարձրացաւ յունական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ, ուր Էվանկելոս Մէյմարաքիս ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այսօր կը շարունակուի հանդիպումներու ծրագիրը ու նախատեսուած են հանդիպումներ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին հետ:
Պրն. Մէյմարաքիս տեսակցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: