Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էր «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին քըննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, այս իմաստով ՀՄԸՄ-ի ունեցած դերակատարութիւնն ու ներդրումը: Արծարծուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն ընթացքը:
Նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բիւրականի բանակավայրի կացութեան, զայն բարեկարգելու եւ ընդարձակելու վերաբերող ծրագիրներուն: Նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ՝ զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու: