Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փետրուար 21-ին Lեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ եւ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքներու միջեւ ստորագրուեցաւ Բարեկամութեան հռչակագիր։ Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վիենի քաղաքապետարանէն ներս։

Նախքան Յունաստան իր ժամանումը, աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուեցաւ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Վիեն քաղաքի կողմէ քաղաքապետ Ժակ Ռեմիլիէն։
Հռչակագիրը կ'ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը՝ ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելուն ու զարգացնելուն, եւ անընդունելի կը համարէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը։ Այն նպատակ ունի զարգացնել երկու քաղաքներու միջեւ բարեկամական կապերը եւ խրախուսել համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ այլ բնագավառներու մէջ:
2013ին բարեկամական կապեր հաստատուեցան նաեւ ԼՂՀ Մարտունի եւ Ֆրանսայի Լե-Պեն-Միրապօ քաղաքներուն միջեւ, տեղի ունեցան փոխ այցելութիւններ, քննարկուեցան քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներ: