Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ՀԱԿի, «Ժառանգութեան» երրորդ նիստը՝ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցին առնչուած:

Քննարկման մասնակցած են Դաշնակցութենէն՝ Արմէն Ռուստամեանն ու Արծուիկ Մինասեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան»էն՝ Նայիրա Զոհրաբեանն ու Վարդան Օսկանեանը, «Ժառանգութենէն»՝ Թեւան Պօղոսեանը, ՀԱԿէն՝ Լեւոն Զուրաբեանը:
Ժողովին որոշուած է յետաձգել կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու գծով հարցին քննարկումը։ Նիստի աւարտին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
«Խորհրդարանական ընդդիմութեան տեւական ժամանակ է կառավարութեանն անվստահութիւն յայտնելու հարցում համաձայնութեան չգալը շատ հարցեր է առաջ քաշում, որոնցից մէկը՝ հնարաւոր է, որ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները այդպէս էլ համաձայնութեան չգան եւ գործընթացը կեանքի չկոչուի», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան՝ չբացառելով այդ տարբերակը եւ նշելով, որ ամէն ինչ ալ կարելի է, մանաւանդ որ ուժերը տարակարծութիւններ ունին։
«Ամէն ինչ էլ հնարաւոր է, բայց ի սկզբանէ մենք մի սկզբունքով ենք առաջնորդուել. եթէ չենք կարողանում հեռանկարային ինչ-որ աւելի մեծ օրակարգով համագործակցութեան գալ, դա չպէտք է խանգարի կոնկրետ քայլերով համաձայնեցուած գնալ առաջ: Եւ սա աւելի աշխատող տարբերակ է: ՀՅԴն այդ սկզբունքին հաւատարիմ է, որովհետեւ աւելի դժուար է լինելու մեծ օրակարգերը համաձայնեցնել, քան կոնկրէտ հարցերի շուրջ գալ համաձայնութեան: Եւ այս ստեղծուած որակը պահել մեզ համար կարեւոր հարց է՝ իսկապէս քայլ-քայլ առաջ գնալը պէտք է պահպանենք որպէս սկըզբունք եւ դա պէտք չէ դիտուի որպէս համագործակցութեան խաթարում եւ այլն: Տարաձայնութիւնները իսկապէս շատ են եւ դրա մասին միշտ ասել ենք, որովհետեւ այնպէս չէ, որ եթէ կայ համաձայնութիւն, ապա մնացած բոլոր հարցերի շուրջ էլ ենք համաձայն. այդպէս չի: Բայց այդ տարաձայնութիւնները չսրելն է, որ մեր հիմնական մարտավարական խնդիրն է եւ չպէտք է խանգարի քայլ-քայլ առաջ գնալուն», յայտնած է Ա. Ռուստամեան:
Պատգամաւորին համաձայն՝ այսօրուան իրողութիւնները այնպէս են, որ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ ամենապարզունակ հարցը լուծելու համար հարկաւոր է իշխանութիւնը փոխել, քանի որ այդ հարցին լուծումը անընդհատ կը ձախողի ու կը մտնէ փակուղի, ինչ որ աւելի ու աւելի կը համոզէ հասարակութիւնը, որ քանի այս իշխանութիւնները չեն հեռացած, երկրին մէջ ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Որպէս օրինակ ան յիշած է նաեւ ՀՅԴի կողմէ առաջարկուող «Նայիրիտ»ի հարցով ստեղծուելիք ժամանակաւոր յանձնաժողովի առնչուած մտահոգութիւնները, որոնց կարգին կան կառավարութեան, իշխանութեան հետ կապուած անհանգստացնող միտումներ։ Ան նաեւ նշած է, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւնները խորհրդարանին մէջ կազի ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու ՀՀԿի առաջարկին վերաբերեալ ունին իրենց առաջարկները, որոնք պիտի ներկայացուին օրէնսդիրի ղեկավարին մօտ գումարուելիք խորհրդակցութեան ընթացքին։ Ան յոյս յայտնած է, որ կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին մասին խօսելով՝ Ա. Ռուստամեան նշած է, որ հոն կար բարկութիւն, որ կը նշանակէ, թէ՝ «մեր վիճակը լաւ չի, եւ մեր նախագահն արդէն այդ բարկութեան մէջ է»: